ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ…

Օրերս աւարտած Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն «աջ» կուսակցութիւնները զգալի յաջողութիւններու հասան: Յատկապէս Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ «աջերը» գերազանցեցին իշխանութեան գլուխ գտնուող ուժերը, ինչ որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի համար հիմք դարձաւ՝ իր վարած քաղաքականութեան հանդէպ վստահութեան հարց դնելու: Ան լուծարեց խորհրդարանը՝ ըսելով, որ չի կրնար ձեւացնել, որ ոչինչ պատահած է:

Այնպէս չէ, որ Մաքրոնը չ՚ուզեր մնալ իշխանութեան գլուխ՝ պարզապէս կը հասկնայ, որ չի կարողանար ղեկավարել՝ նստելով «խախուտ աթոռին»: Անպատիւ ղեկավարումը արդիւնաւէտ չէ: Ֆրանսայի հասարակութիւնն ալ չի յարգեր այն պաշտօնեաները եւ պատգամաւորները, որոնք կառչած են իրենց աթոռներէն եւ լիազօրութիւններէն:

Դուք կ՚ըսէք, որ 2021 թուականին Փաշինեան նոյնպէս արտահերթ ընտրութիւններու գնաց ու յաղթեց: Այո, յաղթեց՝ խոստանալով Շուշիի եւ Հադրութի «խաղաղ ապաբռնագրաւումը», ինչպէս նաեւ Արցախի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովումը: Չ՚արժե՞ր արդեօք ստուգել, թէ քաղաքացիները ինչպէս կը վերաբերին այն իշխանութեան, որ այդ խոստումները չէ կատարած: Չեմ բացառեր, ի դէպ, որ հիմա ալ նման իշխանութիւնը միանգամայն «ձեռնտու ըլլայ» հայաստանցիներու մեծամասնութեան համար:

Եւ այստեղէն մենք սահուն անցում կը կատարենք քաղաքացիներու արժանապատուութեան: Ինձ համար անպատուութիւն է, որ թշնամին կը քանդէ մեր եկեղեցիներն ու գերեզմանները: Նաեւ խայտառակութիւն է, որ իմ երկրի ղեկավարութիւնը այդ թշնամին, թէկուզ ինչ-որ առումով, «շինիչ» կը համարէ:

Անպատուութիւն է, որ թշնամին կը ստիպէ քեզ փոխել քու երկրի օրէնսդրութիւնը: Անպատուութիւն է, երբ ան նոր պատերազմով կը սպառնայ, եթէ դուն ունենաս այս կամ այն սպառազինութիւնը: Անպատուութիւն է, որ ան գերութեան մէջ կը պահէ քու քաղաքացիներդ:

Փաշինեանի եւ ՔՊ-ի («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի Հայաստանի մէջ) համար այդ մէկը OK է: Լաւ, ենթադրենք, իրենց կուրացուցած են լիազօրութիւններն ու աթոռները եւ անոնք կը ձգտին եւս քանի մը շաբաթ կամ քանի մը ամիս վայելել այդ բոլորը: Նոյնիսկ ընդդիմադիր ցուցակով ընտրուած պատգամաւորը ծպտուն չի հաներ եւ պինդ գրկած է իր լիազօրութիւնը՝ վախնալով, որ իշխանութիւնը իր դէմ «փոխ-զիջում պիտի աշխատցնէ»: Ընդդիմադիր պատգամաւորները, նոյնպէս, թէեւ ելոյթներ կ՚ունենան, սակայն չեն շտապեր հրաժարելէ իրենց լիազօրութիւններէն:

Հապա շարքային քաղաքացինե՞րը: Իմ տպաւորութեամբ՝ պարտութիւնը եւ ստորացումը անոնց մեծամասնութեան ցաւ չի պատճառեր: Անոնք «նախկիններու վերադարձէն» (ինչ որ բացառուած է) եւ պատերազմէ (ինչ որ իրական է՝ անկախ ամէն ինչէ) աւելի շատ կը վախնան, քան ստորաքարշ կեանքէն: Խնդիրը, մեծ հաշուով, անոնց մէջ է:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2024