ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կեդրոնատեղին։ Ծանօթ է, որ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ վերջին ընտրութիւններէն վերջ այցելած էր ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնը, ուր հիւրընկալուած էր նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Երէկ ալ Էրտողան փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ եւ Էօզկիւր Էօզէլի կողմէ հիւրընկալուեցաւ ՃՀՓ-ի կեդրոնատեղիէն ներս։
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կլիման փոփոխութեան ենթարկուած է իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութիւնով։ Քաղաքական ճամբարներու յարաբերութեան որակը փոխուած է՝ մանաւանդ, որ նոր սահմանադրութեան մը մշակման որոնումներու մթնոլորտին մէջ ապագայ համագործակցութիւնը անխուսափելի է։
Տեղական մամուլը կը շեշտէ, որ Էրտողան եւ Էօզէլ համաձայն գտնուած են երկխօսութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Էրտողան 18 տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ այցելեց ՃՀՓ-ի կեդրոնը։ Հանդիպումէն վերջ երկու կողմերն ալ դրական ու մեղմ ոճով յայտարարութիւններով հանդէս եկան։ Քաղաքական մեկնաբանները համոզուած են, թէ այս հանգամանքը ցուցանիշն է՝ ներքին քաղաքական կեանքէ ներս նոր շրջանի մը մեկնարկին։
Միւս կողմէ, պետական գանձի եւ ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէքն ալ յառաջիկայ օրերուն ՃՀՓ-ի վերնախաւին հետ պիտի մէկտեղուի՝ երկրի ելմտատնտեսական կացութեան շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով։