ԲԱՆԲԵՐ. «ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՅՍՏԱԿԱՆԱՆ ՅՈՒԼԻՍԻ 20-Ի ԺՈՂՈՎԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ»

Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ժամանակացոյցը թուականներու առումով յստականալ պիտի սկսի Յուլիսի 20-ին Պատրիարքարանի մէջ մեր եկեղեցիներու մատակարար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ նախատեսուած խորհրդակցութեան լոյսին տակ։ «Առանց թաղերուն հետ խօսելու եւ համաձայնեցնելու՝ չենք կրնար թուականներու նիւթին շուրջ վերջնական որոշում մը տալ», ըսաւ Սեպուհ Ասլանկիլ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2017