ՆՈՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ԱՌԱՋԱՐԿ

Պրիւքսելի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս տեսակցութիւնը կազմակերպուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հակլընտի (Միացեալ Նահանգներ) նախաձեռնութեամբ։ Եռանախագահներուն առընթեր հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման շուրջ քննարկումները։ Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց շփման գծին վրայ իրավիճակի կայունացման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ նատակով շեշտեց անցեալ տարի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը։ Եռանախագահները արտաքին գործոց նախարարներէն խնդրեցին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն փոխանցել իրենց առաջարկը ներկայ տարուան տեւողութեան գագաթաժողովի մը կազմակերպման շուրջ։ Համաձայնութիւն գոյացաւ՝ որպէսզի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլին։ Բացի երէկ երեկոյեան Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումէն, Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ Վիեննայի եւ Քիշնեւի մէջ։ Երէկ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն ժողովը։ Մաուէրպախի մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու ընթացքին Նալպանտեան ունեցաւ ելոյթ մը։ Սոյն հաւաքին շրջագծով Նալպանտեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Այս առթիւ անոնք կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վրայ։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք շեշտուեցաւ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման անհրաժեշտութիւնը։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին անդրադառնալու առընթեր, Նալպանտեան եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ։

Երէկ, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ ազէրի լրագրողի մը հարցման պատասխանելով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան զսպուածութեան կոչ ուղղեց հակամարտ կողմերուն եւ խորհուրդ տուաւ հետեւիլ արդէն գոյութիւն ունեցող պայմանաւորուածութիւններուն։

Եդուարդ Նալպանտեան ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին ընթացքին ալ մանրամասն անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին։ Այս առթիւ ան ըսաւ.

«2016 թուականի Ապրիլին Ատրպէյճան լայնածաւալ բռնութիւն ծաւալեց Արցախի դէմ եւ այդ մէկուն ուղեկցեցան միջազգային մարդասիրական իրաւունքին կոպտագոյն խախտումներ, քաղաքացիական բնակչութեան, ներառեալ՝ երախաներու, կանանց եւ տարեցներու դէմ իրականացուած վայրագութիւններ, մարմիններու անդամահատումներ, ԻՇԻՊ-ի ոճով գլխատումներ, գործողութիւններ, որոնք դատապարտուեցան միջազգային հանրութեան կողմէ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները նախաձեռնեցին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովները՝ Ատրպէյճանի բռնութեան հետեւանքները յաղթահարելու, ինչպէս նաեւ բանակցային գործընթացի յառաջխաղացման համար համապատասխան պայմաններ ստեղծելու նպատակով։ Վիեննայի գագաթաժողովի ժամանակ, մասնաւորապէս, ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն եւ այդ մէկը այնուհետեւ վերահաստատուեցաւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ. հաստատել ԵԱՀԿ-ի դրութիւն՝ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան համար, որ կրնար ծառայել իրավիճակի սրման կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ ընդլայնել Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ԵԱՀԿ-ի դիտորդական խումբի կարողութիւնները։ Վերահաստատուեցաւ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման յանձնառութիւնը, ընդգծուեցաւ 1994-1995 թուականներու հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրերու անշեղօրէն կատարման անհրաժեշտութիւնը։

«Վստահութիւնը կը կառուցուի, երբ պայմանաւորուածութիւնները կը կատարուին։ Այս իսկ ընկալումով է, որ Հայաստան եւ Արցախ տուին իրենց համաձայնութիւնը՝ կեանքի կոչելու համար վերոյիշեալ բարձր մակարդակի համաձայնութիւնները։ Ատրպէյճան ետքայլ կատարեց այդ պայմանաւորուածութիւններէն այնպէս, ինչպէս բազմիցս ըրած էր անցեալի մէջ։ Ատրպէյճանի այս կեցուածքը հարցականի տակ կը դնէ Պաքուի՝ որպէս բանակցային կողմ հանդէս գալու ընդունակութիւնը, որ կրնայ յարգել ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն ներս վստահութիւնը նախ եւ առաջ կ՚ենթադրէ վստահութիւն այս իսկ կազմակեպութեան եւ իր կարողութեան նկատմամբ՝ արձագանգելու Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան ահագնացող մարտահրաւէրներուն։ Վստահ ենք, թէ եռանախագահներու առաջարկներուն հիման վրայ ԵԱՀԿ պէտք է ամրապնդէ իր ներկայութիւնը հակամարտութեան գօտիէն ներս՝ սա դնելով առաւել տեւական եւ ամուր հիմքերու վրայ։ Այս առընչութեամբ ԵԱՀԿ պէտք է աջակցի հակամարտութեան բոլոր կողմերուն հրադադարը յարգելու, ռազմական սրումէն խուսափելու եւ վստահութիւն կառուցելու հարցերուն մէջ։ ԵԱՀԿ պատմութեան դասերու հիման վրայ ստեղծուած կազմակերպութիւն մըն է, իսկ պատմութիւնը բազմիցս ապացուցանած է, որ պատերազմը կրնայ անվտանգութեան մթնոլորտի թիւր ընկալման ու սխալ հաշուարկի հետեւանք ըլլալ, մինչդեռ խաղաղութիւնը վստահութեան վրայ հիմնուած է։ Ատրպէյճան ընտրած է այլ ճանապարհ։ Ժողովուրդները իրաւունք ունին իմանալու՝ ով զիրենք կը տանի կորուստի եւ տառապանքի ճանապարհով։ Անկողմնակալ եւ անպատասխանատու ձեւով անվտանգութեան սպառնալիքներու բացայայտումը կարեւոր է այս կազմակերպութեան նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման առումով։

«Իրենց յայտարարութեան մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները մատնանշեցին Ատրպէյճանը՝ որպէս բռնութեան նախաձեռնող կողմ։ Սա եռանախագահներու՝ ուղղակիօրէն Ատրպէյճանին հասցէագրուած առաջին կոչը չէր։ Անցեալին մէջ եռանախագահները իրենց շարք մը յայտարարութիւններուն մէջ բացէ ի բաց կոչ ուղղած են Պաքուին՝ զերծ մնալ իրադրութեան սրումէն, վերահաստատել հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման յանձնառութիւնը, վերջ տալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու հասցէին քննադատութիւններուն եւ յարգել անոնց իրաւասութիւնը, դադրեցնել հակամարտութեան հանգուցալուծումը այլ ձեւաչափեր տեղափոխելու փորձերը, համաձայնիլ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան ստեղծման։ Ի պատասխան Ատրպէյճանի՝ 1994-1995 թուականներու հրադադարի համաձայնագրերու վաւերականութիւնը հարցականի տակ դնելու վերաբերեալ պնդումներուն՝ եռանախագահները յստակօրէն յայտնեցին, որ այդ համաձայնագրերը անժամկէտ են եւ պէտք է խստօրէն պահպանուին։ Այնուամենայնիւ Ատրպէյճան կ՚անտեսէ եռանախագահ երկիրներու կոչերը՝ կառչած մնալով բանակցային սեղանի իր խիստ ապակառուցողական վարքագծին եւ հակամարտութեան գօտիէն ներս սադրիչ գործողութիւններու քաղաքականութեան։ Պաքու բացայայտօրէն կը ցուցադրէ, որ ունակ չէ ընկալելու նոյնիսկ հասցէական կոչերը։

«Յուլիսի 4-ին Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կրկին, տխրահռչակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ոճով ինչպէս շատ անգամ անկէ առաջ, իր ժողովուրդը որպէս կենդանի վահան օգտագործեց՝ ռմբակոծելու համար Լեռնային Ղարաբաղը ծանր հրետանիով, ներառեալ՝ համազարկային հրթիռային համակարգերու կիրառումը։ Ի պատասխան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը ստիպ-ւած էր Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններուն դէմ դիմել ինքնապաշտպանութեան։ Քանի տակաւին Ատրպէյճան չի կատարեր 1994-1995 թուականներու զինադադարի եռակողմանի համաձայնագրերով ստանձնած իր միջազգային պարտաւորութիւնները, կը հրաժարի իրականացնել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, յատկապէս հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան մը հաստատման վերաբերեալ, ինչ որ կրնայ նաեւ կանխարգիլման դրութիւն մը հանդիսանալ, ապա նոյնինքն Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը կրէ իր սադրանքներու հետեւանքներուն համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը։ Այս զարգացումները անգամ մը եւս կ՚ընդգծեն միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանը զսպելու նպատակով առաւել շօշափելի միջոցներու ձեռնարկման հրամայականը։ Մենք յանձնառու ենք ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն ներս խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան յառաջ մղման ու պիտի շարունակենք աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալ այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող բոլոր ջանքերուն»։

Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն հանդիպման ընթացքին ալ Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ ղարաբաղեան հարցին շուրջ։ Ան շեշտեց, որ տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութիւնը կը շարունակէ ըլլալ վտանգուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ամբողջին մէջ Ատրպէյճանէն մշտապէս հնչող ուժի կիրառման սպառնալիքներուն պատճառով։ Նալպանտեան յիշեցուց անցեալ տարուայ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմը եւ ընդգծեց, որ Պաքուի ղեկավարութիւնը կը կրէ իր սադրանքներու հետեւանքներուն համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2017