«ԵՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻՆ ԵՄ, ԾՆՈՒՆԴՈՎ ԽՐԻՄԷՆ»

«Ես Այվազովսքին եմ, ծնունդով Խրիմէն» շարժապատկերի հեղինակները նոր ժապաւէնով փորձած են ցոյց տալ, թէ մարդիկ ինչ կը մտածեն հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի մասին: 2018 թուականին արտադրուած ժապաւէնը Երեւանի 15-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնին «Հայկական համայնապատկեր» մրցոյթային ծրագրին մէջ է:

 «Այվազովսքիի մասին ամէն ինչ յայտնի է, ան 6 հազար նկար թողած է: Մեր ժապաւէնը անոր ստեղծագործական գործունէութեան մասին չէ: Այն մարդոց մասին է, որոնք կը պահպանեն եւ կը հետազօտեն անոր գործերը, կը զարգացնեն անոր աւանդութիւնները», «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց շարժանկարի բեմադրիչը՝ Աշոտ Ճազոյեան:

Շարժապատկերը «կը կենդանացնէ» Յովհաննէս Այվազովսքիի յայտնի գործերը եւ կը ցուցադրեն այն անձերը, որոնք կը պահպանեն ծովանկարիչի աւանդոյթները: Կը ներկայացուին մարդիկ, որոնք իրենց ձեռքերով կը վերականգնեն Թէոդոսիոյ Այվազովսքիի անուան պատկերասրահի շէնքն ու նկարիչի գերեզմանը, որ գրեթէ աւերուած էր: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պատկերացումը ունի իր եւ առհասարակ այսօրուան Խրիմի համար Այվազովսքիի կարեւորութեան վերաբերեալ: Մեծ նկարիչի մասին կը խօսին պատկերասրահի ուսանողները, ծովայիններ, որոնք «Այվազովսքիէն սորված են սիրել ծովը», Թէոդոսիոյ բնակիչները, թանգարանի աշխատակիցները, քահանան եւ այլք:

Աշոտ Ճազոյեան կ՚անդրադառնայ, որ Այվազովսքիին նուիրուած շարժապատկերը նկարահանելը այնքան ալ դիւրին չէ եղած:

«Մենք փափաքած ենք ցոյց տալ, թէ ինչ նշանակութիւն ունի Այվազովսքին Խրիմի համար: Մեր հերոսներէն մէկը կ՚ըսէ. «Խրիմի մասին շատերը չեն գիտեր, բայց Այվազովսքիի մասին բոլորը գիտեն»: Մեր հերոսները պարզապէս կ՚ապրին Այվազովսքիով», նշեց Աշոտ Ճազոյեան՝ յաւելելով, որ Այվազովսքին մնայուն արժէք է Խրիմի համար: Ան շեշտեց, որ շարժանկարը ցուցադրուած է Խրիմի մէջ, իսկ ցուցադրութիւնը շատ լաւ անցած է: Շարժապատկերը ուղարկուած է նաեւ Քարատաղ, Ֆրանսա:

Աշոտ Ճազոյեանի խօսքով՝ ամենակարեւորը այն է, որ Այվազովսքին միշտ մնացած է հայ, պահպանած է իր ինքնութիւնը: Ժապաւէնի ստեղծողները կը փափաքին յետագային ստեղծել անոր անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն տարբերակները՝ զայն աշխարհի մէջ տարածելու համար: Ան վստահ է, թէ Այվազովսքին այնպիսի կերպար է, որ պէտք է հետաքրքրէ շատերը:

Աշոտ Ճազոյեան 1977-ին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան ֆաքիւլթէն: Քաղաքական տնտեսութիւն դասաւանդած է Երեւանի փոլիթեքնիկ համալսարանէն ներս: 1996-ին ընտրուած է Լրագրողներու միութիւններու միջազգային ընկերակցութեան (MCGS) քարտուղար, 1998-ին՝ գլխաւոր քարտուղար: Ան Լրագրողներու ընկերակցութեան մետիայի նախագահն է եւ Ռուսաստանի Լրագրողներու միութեան քարտուղարը: Եռանդուն մասնակցութիւն ունի վաւերագրական եւ գեղարուեստական ժապաւէններու ստեղծման՝ որպէս բեմադրիչ, բեմագրութեան հեղինակ: Արժանացած է «Ռուսաստանի ոսկէ փետուր» պարգեւին «Բացայայտեք Ռուսաստանը» վաւերագրական շարքի համար, որ 2013-ին հեռարձակուած է Russia Today հեռուստաալիքով: «Ռուսաստան. փոզիթիվ» վաւերագրական շարքի (2013) համար Ճազոյեան Ռուսաստանի շարժանկարի «Պատուհան դէպի Եւրոպա» փառատօնին ընթացքին արժանացած է դատակազմի յատուկ մրցանակին, ինչպէս նաեւ ոչ գեղարուեստական ժապաւէններու Arctic ՄՓ-ի դատակազմի յատուկ մրցանակին «Անուններ քարտէսին. Սեմիոն Դեժնեւ» շարժանկարին (2014) համար:

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018