ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Պրիւքսել աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ունեցաւ բազմակողմանի շփումներ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ այլ երկիրներու ղեկավարներու հետ։ Փաշինեան զրուցեց «Քարնեկի» հետազօտական հիմնարկի Եւրոպայի կեդրոնի մասնագէտներուն հետ։ Ան ներկայացուց Հայաստանի զարգացման վերաբերեալ իր տեսլականը։ Վարչապետը շեշտեց, որ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ստորագրուած՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան վերաբերեալ համաձայնագրի ստորագրումը նոր էջ մը կը բանայ յարաբերութիւններուն մէջ։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է հիմնախնդրի խաղաղ լուծման՝ հիմնուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած սկզբունքներու եւ մօտեցումներու վրայ։ Ան յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումը այլընտրանք չունի։ Հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ զիջումներու վրայ։ Բոլոր ժողովրդավարական երկիրներուն նման՝ Հայաստանն ալ յանձնառու է հակամարտութեան կարգաւորման բացառապէս խաղաղ ճանապարհին։ Ուստի, հիմնախնդիրը ռազմական ճամբով լուծելու ամէն փորձ կը նշանակէ յարձակում՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան դէմ։

Փաշինեան Մոկերինիին հետ ալ ամփոփ ձեւով քննարկեց ղարաբաղեան հարցը։ Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը շեշտեց, որ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ ԵՄ-ի առաջնահերթութիւններէն մին։ Մաքրոնի հետ զրուցելու ժամանակ Փաշինեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերը։ Ան դրուատեց նաեւ Փարիզի ճիգերը, որոնք ուղղուած են հարցի խաղաղ հանգուցալուծման եւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման։

Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման։ Պրիւքսելի Գեղարուեստի եւ պատմութեան արքունի թանգարանէն ներս Նիկոլ Փաշինեան ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու միւս ղեկավարներուն նման դիմաւորուեցաւ Պելժիոյ վարչապետ Շարլ Միշէլի կողմէ։ Արարողակարգային լուսանկարահանումէն վերջ Հայաստանի վարչապետը ներկայ եղաւ նաեւ գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներուն համար կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին։ Այս փուլին Փաշինեան առիթն ունեցաւ զրուցելու աշխարհի բազմաթիւ յառաջատար երկիրներու ղեկավարներուն հետ, որոնց շարքին էր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018