ԼՈՒՐՋ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ

Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիներու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւս մասնակցութիւն բերաւ այս կարեւոր միջազգային հաւաքին։ Գագաթաժողովի ծիրէն ներս Էրտողան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի շփումներ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ եւրոպացի դաշնակիցներու մօտեցումներու տարբերութիւններու բերումով թէեւ գագաթաժողովը որոշ չափով սկսաւ լարուած մթնոլորտի մէջ, սակայն եզրափակիչ փուլին կարելի եղաւ ընդհանուր համաձայնութեան մը հասնիլ ամփոփիչ յայտարարութեան բովանդակութեան շուրջ։ Այդ յայտարարութեան ոճը շատ աւելի մեղմ ու շինիչ էր։ Գագաթաժողովի սկիզբին Թրամփ թիրախաւորեց մասնաւորապէս Գերմանիան։ Ամերիկացի ղեկավարը ՆԱԹՕ-ի ծախսերուն համար կը պահանջէր աւելի մեծ մասնակցութիւն եւ Գերմանիան որակեց «Ռուսաստանի կազի պատանդը»։ Ի վերջոյ, ամէն ինչ յարաբերականօրէն դրական հունի մը մէջ մտաւ։ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ խիստ ձեւով հակադարձեց ամերիկացի ղեկավարի արտայայտութիւններուն։

Եզրափակիչ յայտարարութեան բովանդակութիւնը ընդհանրապէս համընկնեցաւ թրքական դիւանագիտական ակնկալութիւններուն։ Արդարեւ, այդ յայտարարութեան մէջ Թուրքիոյ ուղղեալ կարեւոր խոստումներ տեղ գտան։ Շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա կը շարունակէ Սուրիոյ վրայով իրեն հասնելիք հրթիռային յարձակումներու սպառնալիքներու տակ մնալ։ Մատնանշուեցաւ, որ ՆԱԹՕ-ի նախազգուշական միջոցները պիտի շարունակուին։ Անգարայի ցանկութեան հիման վրայ եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շուրջ ՆԱԹՕ-ի դերակատարութիւնը պիտի բարձրանայ։

Էրտողան Պրիւքսելի մէջ երկար զրոյց մը ունեցաւ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ան զրուցեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի եւ գագաթաժողովի այլ մասնակիցներու հետ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018