ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌՋԵՒ ԹԷ՛ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԵՒ ԹԷ ԱՆԱՐԳԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ շաբաթավերջին պատահեցաւ դէպք մը, որ մէկ կողմէ իսկապէս շատ զարմանալի է, իսկ միւս կողմէ ալ իր անարգական բնոյթին բերումով ցասում կը յառաջացնէ։ Այսպէս, շաբաթ ուշ գիշերին Գատըգիւղի եկեղեցւոյ շքամուտքին վրայ գտնուող խաչի պատուանդանին շուրջ պատահած է աննախընթաց երեւոյթ մը։ Խումբ մը երիտասարդներ եկեղեցւոյ պատը մագլցելով բարձրացած են մինչեւ շքամուտքի խաչի պատուանդանը եւ այդտեղի տարածութեան վրայ սկսած են պարել։ Այդ քանի մը երիտասարդներու պարին փողոցէն հետեւած է նաեւ աւելի հոծ թիւով բազմութիւն մը, որ հանդէս եկած է ուրախութեան ցոյցերով։ Կը հաղորդուի, որ վերջին շրջանին Գատըգիւղի մէջ այսպիսի երեւոյթները ընդհանրացած են եւ այս դէպքերը բողոքի բնոյթ կը կրեն։ Արդարեւ, երիտասարդները կ՚ուզեն այսպէսով իրենց հակազդեցութիւնը արտայայտել՝ զբօսարաններու մէջ երաժշտական յայտագրի գործադրութեան կէսգիշերին կասեցման դէմ։ Այդ բողոքի եւ հակազդեցութեան պարագայէն անկախ, բնականաբար, աղօթատեղիի մը պարագային այսպիսի երեւոյթի մը յառաջանալը խիստ ցաւալի է։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին կը գտնուի ուղղակի շուկայի մէջ, շատ բանուկ կէտի մը վրայ է, եւ ատեն-ատեն նման խնդիրներ միշտ կը յառաջանան մեր այս սրբատեղիի պարագային։ Բարեբախտաբար վնաս մը կամ այլ յարակից խնդիր մը չէ յառաջացած եկեղեցւոյ պարագային։ Երեւոյթը ընկերային ցանցերու վրայ ալ լայն արձագանգ գտած է եւ անշուշտ մեծ յուզում յառաջացուցած նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս դէպքին կապակցութեամբ անմիջապէս դիմած է պատկան իշխանութիւններուն։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը կապ հաստատած է Գատըգիւղի գաւառապետութեան եւ անվտանգութեան տնօրէնութեան հետ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, պատկան մարմինները անհրաժեշտը տնօրինած են, որպէսզի եկեղեցւոյ առջեւ ոստիկանական հսկողութիւն ձեռք առնուի։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ցաւ յայտնեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ պարագային պատահած այս դէպքին կապակցութեամբ։

Երէկ գիշեր, 11 յուլիս 2021, կիրակի, ընկերային ցանցերու մէջ տեղ գտած տեսաերիզի մը մէջ յայտնի կը դառնար, թէ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ դրան առջեւ պատահած էր անախորժ դէպք մը, ըստ որում բազմութիւն մը հաւաքուած էր եկեղեցւոյ առջեւի փոքր հրապարակը երաժշտութեամբ զուարճանալու տրամադրութեամբ եւ անոնցմէ երեքը եկեղեցւոյ արտաքին դրան պատին վրայ մագլցելով պարած էին։

Ուստի, Պատրիարքական փոխանորդ եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, առանց յապաղելու, կէսգիշերին կապ հաստատած է Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ եւ եկեղեցւոյ պաշտօնէութենէն ստացած տեղեկութեանց հիման վրայ դէպքի մասին մանրամասնօրէն տեղեակ պահած է Պատրիարքական Աթոռը։

Ըստ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տեղեկութեանց, շաբաթ գիշեր ուշ ժամերուն գինովներ հաւաքուած են եկեղեցւոյ առջեւի փոքր հրապարակը եւ անոնցմէ երեքը եկեղեցւոյ արտաքին դրան պատին վրայ մագլցելով պարած են։ Գիշերապահը նախ ազդարարած է, որ պատէն վար իջնեն։ Երբ անոնք շարունակած են մնալ պատին վրայ, գիշերապահը տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը։ Գիշերապահէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն, երբ ոստիկանութիւնը հասած է դէպքին վայրը, արդէն իսկ բոլորը հեռացած են հրապարակէն։ Դէպքը, որուն նմանները վերջերս յաճախակիօրէն կը տեսնուին Գատըգիւղի, յատկապէս Մոտայի կամ այլ վայրերու մէջ, գիշերուան ուշ ժամերուն, երբ զուարճութեան վայրերու երաժշտական յայտագրերը ժամը 24.00-ին կը դադրին հրապարակուած վերջին կանոնադրութեան համաձայն։ Թաղին մէջ արդէն իսկ նման երեւոյթներ ընդհանրապէս դժգոհութեանց դուռ բացած են եւ անհատական բողոքներ սկսած են ներկայացուիլ։

Բաց աստի, թաղային խորհուրդը այս առաւօտ պաշտօնական բողոքագիր ներկայացած է ապահովութեան պաշտօնարան, խնդրելով պատշաճին տնօրինութիւնը, որպէսզի եկեղեցւոյ առջեւի հրապարակին վրայ նման դէպքեր չպատահին։

Պատրիարք Հայրը լսելով դէպքի մասին առաջին հերթին իր ցաւը յայտնեց եւ հաւաստիացուց, թէ Պատրիարքական Աթոռը որպէս հոգեւոր կեդրոն, կապ հաստատելով պատկան մարմիններուն հետ հետամուտ պիտի ըլլայ այս դէպքին։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով հայրական թելադրութիւններ ըրաւ տէր հօր եւ վարչութեանց ու փոխանցեց իր օրհնութիւնները տեղւոյն ժողովուրդին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021