ԻՏԱԼԻԱ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան աւարտականը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Ուէմպլէյ մարզադաշտին վրայ։ Անգլիոյ եւ Իտալիոյ հաւաքականները ախոյենութեան տիտղոսը նուաճելու համար բուռն պայքար մը մղեցին։ Արդիւնքին «Եւրօ 2020»ի ախոյեանը դարձաւ Իտալիա։ Մրցումը աւարտին հասաւ 1-1 հաւասարութեամբ։ Յաւելեալ ժամկէտին մէջ ալ երկու խումբերը չյաջողեցան կոլ արձանագրել եւ արդիւնքը վճռուեցաւ փենալթիներով։ Իտալիոյ հաւաքականը Անգլիոյ դիմաց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց եւ նուաճեց Եւրոպայի բաժակը։

Այս մրցաշարքը տարուան մը յապաղումով տեղի ունեցաւ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021