ԵՐԵՒԱՆԻՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի եւ կը տիրէ հաշտութիւն։ «Կը փափաքիմ տեսնել այդ հաշտութիւնը՝ որքան հնարաւոր է շուտ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի իշխանութիւնները դրական քայլերու կը ձեռնարկեն այս ուղղութեամբ։

Նախագահ Էրտողան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան հեռանկարին անդրադարձաւ Ուաշինկթընի մէջ, ուր մամլոյ ասուլիս մը սարքեց ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի աւարտին։ Ան նշեց, որ աշխարհ Հարաւային Կովկասի պարագային խաղաղութեան կարօտի մէջ է։

Էրտողան պատասխանեց հարցումի մը, ըստ որու հաւանակա՞ն է մինչեւ տարեվերջ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրումը։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի տայ համապատասխան որոշումը։ Յամենայնդէպս, ան արձանագրեց, որ թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահին եւ թէ Հայաստանի վարչապետին հետ իր ունեցած շփումներուն ժամանակ կը նկատէ, որ այս ուղղութեամբ դրական քայլեր կ՚առնուին։

Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներէն Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ ծաւալուած ռազմական ոլորտի համագործակցութեան։ Ան ըսաւ, որ Ֆրանսա աշխուժօրէն կը զինէ Հայաստանը եւ հետամուտ է ռէօվանշիզմի ուղղեալ քաղաքականութեան մը։ Ան համոզուած է, թէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ուղղեալ աշխատանքներու յառաջ տարուած ժամանակաշրջանին ճիշդ չէ Կովկասի քաղաքականութեան Ֆրանսայի նման դուրսի տարրի մը մասնակցութիւնը։

Նախագահ Էրտողան այս փուլին կրկնեց, որ տարածաշրջանէ դուրս դերակատարներուն մասնակցութեան հաւանութիւն չի տրուիր Թուրքիոյ կողմէ։ «Այսինքն այնտեղի խաղաղութեան պառակտուիլը եւ կամ այնտեղի խաղաղութեան վրայ ստուեր ածելը բացարձակապէս նկատակասլաց չ՚ըլլար», ըսաւ ան։

*

2026-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Ուաշինկթընի մէջ եզրափակուեցաւ ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովը։ Դաշինքի անդամ երկիրներու ղեկավարները արժեւորեցին միջազգային հրատապ օրակարգի անվտանգութեան բնոյթով խնդիրները։ Գագաթաժողովի աւարտին յայտնի դարձաւ, որ 2026 թուականին ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին հիւրընկալ երկիրը պիտի ըլլայ Թուրքիան։

Լուսանկարին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կ՚երեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Նախագահ Էրտողան Ուաշինկթընի երկկողմանի հանդիպումներուն ծիրէն ներս ալ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2024