ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՈՒ ՉԷ…

1915-ի շրջա­նին Մեծ ե­ղեռ­նի ող­բեր­գու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ դա­ւա­նա­փոխ կամ կրօ­նա­փոխ ե­ղած ան­հատ­նե­րու, ըն­տա­նիք­նե­րու մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րուն «վե­րա­դար­ձի» նիւ­թը այս շրջա­նին մշտա­պէս կը զբա­ղեց­նէ հա­մայն հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը։ Զգա­ցա­կան բնոյ­թով խնդիր մըն է այս մէ­կը, նոյ­նիսկ յար­մար ամ­բո­խա­վա­րու­թեան, հե­տե­ւա­բար քննար­կում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին բա­զում ա­ռանցք­նե­րու շուրջ։ Հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձի ո­րո­նում­նե­րուն կամ ձգտում­նե­րուն մէջ, այ­սօր ընդ­հան­րա­պէս «ծպտեալ հա­յեր» կո­չուած­նե­րը կը փա­փա­քին մկրտուիլ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ։ Որ­քան որ ալ հասկ­նա­լի ըլ­լայ ա­նոնց ակն­կա­լու­թիւ­նը, ան­տա­րա­կոյս, թէ՛ ե­կե­ղե­ցին եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս ա­նոր հօ­տը հան­դի­սա­ցող ազ­գը պէտք է անց­նին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փու­լէ մը եւ վե­րա­բեր­մունք յստա­կաց­նեն՝ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու ար­ժե­ւո­րու­մով, նա­խըն­թաց­նե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մով։ Նիւ­թը թէեւ ամ­բողջ հա­յու­թեան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ, սա­կայն ա­ռա­ջին հեր­թին կը վե­րա­բե­րի Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան։ Ար­դա­րեւ, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին դրու­թեամբ, ծպտեալ հա­յե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը գտնուին Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նի հո­գե­ւոր ի­րա­ւա­սու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս։ Ան­շուշտ, ընդ­հան­րա­կան բնոյ­թով այս հար­ցը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը վե­րա­բե­րի նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նին։

Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր այս խնդի­րը հա­յու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ է եւ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­հերթ կը դառ­նայ։ Այս նիւ­թին շուրջ վեր­ջին օ­րե­րուն ապ­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ար­դէն լայն ար­ձա­գանգ կը գտնէ հայ­կա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ապ­րուած է Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու օ­րե­րուն, երբ ե­րեք ծպտեալ հա­յեր փա­փա­քած են մկրտուիլ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի «Հրա­պա­րակ» օ­րա­թեր­թը գրած է այս մա­սին, իսկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան կայ­քէ­ջեր եւ լրաս­փիւռ­ներ ալ մէջ­բե­րած են այդ հա­ղոր­դում­նե­րը։ Ըստ թեր­թին, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին չէ մկրտած Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցե­լու նպա­-տա­կով Ե­րե­ւան մեկ­նած ե­րեք ծպտեալ հա­յեր, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը Տեր­սի­մէն են՝ ի­գա­կան սե­ռէ, իսկ մէ­կը՝ Տիգ­րա­նա­կեր­տէն՝ ա­րա­կան սե­ռէ։ Թեր­թը գրած է, թէ ա­նոնք 1915 թուա­կա­նին բռնի ձե­ւով իս­լա­մա­ցած են։ Թէեւ հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ այդ մա­սին յստա­կու­թիւն մը չկայ, սա­կայն ըստ ե­րե­ւոյ­թին ոչ թէ ուղ­ղա­կի են­թա­կա­նե­րուն, այլ ի­րենց նախ­նի­նե­րուն մա­սին է այդ ակ­նար­կու­թիւ­նը։ Նոյն աղ­բիւ­րը կը նշէ, որ ան­ցեալ Ուր­բաթ ա­նոնք ստի­պուած այ­ցե­լած են քա­նի մը ե­կե­ղե­ցի­ներ, թա­խան­ցած, խնդրած Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ­նե­րուն՝ քրիս­տո­նէա­կան միւ­ռո­նով օ­ծուիլ, սա­կայն ա­պար­դիւն, բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ թղթա­բա­նա­կան խնդիր­ներ ստեղ­ծուած են։ Ըստ թեր­թին, մկրտուիլ փա­փա­քող­նե­րէն մէ­կուն մտե­րիմ­նե­րէն մին հիաս­թա­փուած ձե­ւով ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Սկիզ­բին գա­ցինք Էջ­միա­ծին, ա­պա՝ Խոր Վի­րապ, վեր­ջին ե­կե­ղե­ցին Կոն­տի Ս. Յով­հան­նէսն էր, բայց ա­մէն տեղ մեր­ժում ստա­ցանք, ոչ ոք ըն­դու­նեց մե­զ։ Նոյ­նիսկ Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րա­րի մի­ջամ­տու­թիւ­նը եւ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւ­նը օ­գուտ չտուաւ։ Ե­թէ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին հա­ւա­տա­րիմ չէ Աս­տուա­ծա­շուն­չին ու չի մտա­հո­գուիր մէկ մո­լո­րեա­լով, ա­պա ո՞րն է իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը»։

­Թեր­թին քա­ղած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մօտ պա­հան­ջած են տե­ղե­կանք՝ տրուած Պոլ­սոյ Պատրիար­քու­թեան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ՝ այն մա­սին, թէ ա­նոնք իս­լա­մա­ցած հա­յեր են։ Այս­պի­սի փաս­տա­թուղթ մը բա­ցա­կա­յած է մկրտուիլ փա­փա­քող­նե­րուն մօտ։ «Հրա­պա­րակ» թեր­թի զրու­ցա­կի­ցը կաս­կած­ներ յայտ­նած է, որ Ա­թէ­շեան կը գոր­ծէ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ցուց­մուն­քով եւ ա­նոնց փաս­տօ­րէն կը միա­նայ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին։ Թեր­թին կող­մէ ստու­գուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն տե­ղեակ դար­ձած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Մայր Ա­թո­ռի հետ ան­ձամբ բա­նակ­ցած է Փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան, բայց ա­պար­դիւն։ Իբ­րեւ լա­ւա­գոյն փոխ­զի­ջում ծպտեալ հա­յոց հա­մար Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն ա­ռա­ջար­կուած է առ­նուազն ե­րեք տա­րի այ­ցե­լել Հա­յաս­տան ու յանձ­նել հա­մա­պա­տաս­խան քննու­թիւն­ներ, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր ըլ­լայ հասկ­նալ՝ կ՚ար­ժէ՞ մկրտել, թէ ոչ։ Մայր Ա­թո­ռի աղ­բիւր­նե­րը չեն փա­փա­քած յի­շեալ թեր­թին բա­նա­ւոր մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը տալ այս նիւ­թին շուրջ։

«Tert.am» կայ­քէջն ալ ե­րէկ ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցաւ այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ տեղ տուաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն Ա­րա­գած Ա­խո­յեա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ «Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին հա­մա­գու­մար» մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է Ա­րա­գած Ա­խո­յեան եւ ըստ կայ­քէ­ջին՝ պի­տի ըլ­լար կնքա­հայ­րը մկրտուիլ փա­փա­քող­նե­րուն։ Ան Հա­յաս­տա­նէն ձեռ­նու­նայն վե­րա­դար­ձող այդ ե­րեք ծպտեալ հա­յե­րը վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պարհ դնե­լէ ա­ռաջ ա­նոնց վի­զէն կա­խած է խա­չեր եւ ը­սած. «Ու­րախ գա­ցէք, քա­նի որ դուք հո­գիով քրիս­տո­նեայ էք ար­դէն»։­

Ա­րա­գած Ա­խո­յեան բա­ւա­կան զգա­ցա­կան շեշ­տով մը փո­խան­ցած է ապ­րուած­նե­րը։ «Ը­սի՝ քա­նի որ հո­գիով քրիս­տո­նեայ էք, մնա­ցէք հո­գիով քրիս­տո­նեայ, հան­գիստ կրե­ցէք խա­չե­րը, մին­չեւ որ օ­րի­նա­կան կնուն­քի ծէ­սը ա­մէն հարց դնէ իր տե­ղը», ը­սած է ան։ Ա­րա­գած Ա­խո­յեան խոս­տա­ցած է զա­նոնք կնքել կա՛մ Տեր­սի­մի եւ կամ յա­ջորդ տա­րի Հա­յաս­տա­նի մէջ, երբ են­թա­կա­նե­րը կրկին փու­թան այ­ցե­լու­թեան։ Ան ը­սած է, թէ աղ­ջիկ­նե­րը ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով հե­ռա­ցած են։

Նոյն կայ­քէ­ջին վրայ լոյս տե­սած հա­ղոր­դում­նե­րով, Ա­րա­գած Ա­խո­յեան պնդած է, որ այս դէպ­քը կը վե­րա­հաս­տա­տէ ու կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը գոր­ծէ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ցուց­մունք­նե­րով։ «Ի՞նչ կը նշա­նա­կէ քննու­թիւն տալ, ե­րեք տա­րի եր­թալ-գալ, մաս­նակ­ցիլ պա­տա­րագ­նե­րուն։ Կը պատ­կե­րաց­նէ՞ք, թէ ինչ­պէս ծպտեալ ըն­տա­նի­քը պէտք է ա­մէն օր կամ ա­մէն շա­բաթ գայ, մաս­նակ­ցի պա­տա­րագ­նե­րուն», ը­սած է ան։ Այս բո­լո­րէն վերջ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ հան­դէս ե­կան ման­րա­մասն լու­սա­բա­նու­թիւ­նով մը։ Այս­պէս, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար Տ. Զա­քա­րիա Վրդ. Բա­ղու­մեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան։ «Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւա­զա­նին մէջ մկրտուե­լու ի­րա­ւունք ու­նին ազ­գու­թեամբ հա­յե­րը կամ հա­յոց հետ ա­մուս­նա­ցած­նե­րը։ Թուր­քիոյ մէջ բնա­կող հա­յե­րը Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մկրտուե­լու հա­մար պէտք է ներ­կա­յաց­նեն Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի հաս­տա­տու­մը, թէ ի­րենք հայ են», ը­սաւ Հայր Սուր­բը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր­ժում ստա­ցած ե­րեք ծպտեալ հա­յե­րու հար­ցին՝ ան ը­սաւ. «Կա­նո­նա­կան ա­ռու­մով ա­նոնք կը պատ­կա­նին Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նին, ի­րենք պէտք է դի­մեն Պատ­րիար­քա­րան, փաս­տա­թուղ­թի տես­քով ստա­նան հաս­տա­տում, թէ ի­րենք հայ են, անց­նին ո­րոշ պատ­րաս­տու­թե­նէ, այ­նու­հե­տեւ մկրտուին Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Յի­շեալ ան­ձե­րը չեն ու­նե­ցած հաս­տա­տում Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ», շա­րու­նա­կեց Տ. Զա­քա­րիա Վրդ. Բա­ղու­մեան։ 

Բաց աս­տի, Հայր Սուր­բը դի­տել տուաւ, որ խնդի­րը լուրջ է, ո­րով­հե­տեւ հո­գե­ւոր անվ­տան­գու­թեան հարց մը կը յա­ռա­ջա­նայ։ «Թրքա­կան անձ­նագ­րե­րուն մէջ կը նշուի ա­նոնց կրօ­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, մար­դը կրնայ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մկրտուե­լէ վերջ իր թրքա­կան անձ­նագ­րին մէջ մնալ մահ­մե­տա­կան։ Մկրտու­թիւ­նը ձե­ւա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը չէ, ան կա­րե­ւոր ա­րա­րո­ղա­կարգ մըն է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քէն ներս», նշած է Տ. Զա­քա­րիա Վրդ. Բա­ղու­մեան։

Նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ «Tert.am» կայ­քէջն ալ զրու­ցած է Հայր Սուր­բին հետ։ «Մկրտու­թիւ­նը շոու մը չէ, մկրտուո­ղը պէտք է պատ­րաս­տուած գայ, յատ­կա­պէս, ե­թէ ան ըն­դու­նած է իս­լա­մը։ Ե­թէ մկրտուո­ղը կ՚ու­զէ դառ­նալ քրիս­տո­նեայ, ան պէտք է ու­նե­նայ տար­րա­կան գի­տե­լիք­ներ, պատ­րաս­տու­թիւն քրիս­տո­նէու­թեան մա­սին. օ­րի­նակ՝ Քրիս­տոս Փրկիչ է», ը­սաւ Հայր Սուր­բը։

Ի պա­տաս­խան կայ­քէ­ջի թղթակ­ցի հար­ցին՝ Տ. Զա­քա­րիա Վրդ. Բա­ղու­մեան նշած է, որ այս բո­լո­րը չեն վե­րա­բե­րիր ե­րա­խա­նե­րուն։ Խնդի­րը կը վե­րա­բե­րի այ­լակ­րօն, տուեալ պա­րա­գա­յին իս­լա­մը ըն­դու­նած չա­փա­հաս մար­դոց։ Ե­րա­խա­նե­րը կը մկրտուին ի­րենց կնքա­հօր եւ ծնող­նե­րու հա­ւատ­քին շնոր­հիւ։ Հայր Սուր­բը կրկնեց, որ հո­գե­ւոր ա­ռու­մով ծպտեալ հա­յե­րը Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան ներ­քեւ կը գտնուին։ Ուս­տի Պատ­րիար­քա­րա­նը պէտք է հա­ւաս­տիաց­նէ, որ տուեալ ան­ձե­րը իս­կա­պէս ծա­գու­մով հայ են ու պատ­րաստ՝ Սուրբ Մկրտու­թեան, այդ պա­րա­գա­յին ո­րե­ւէ խնդիր չի կրնար ըլ­լալ։

Տ. Զա­քա­րիա Վրդ. Բա­ղու­մեան նշեց, թէ եր­բեմն կ՚ըլ­լան օ­տա­րազ­գի­ներ. օ­րի­նակ՝ ի­րան­ցի­ներ, ո­րոնք փա­փաք կը յայտ­նեն մկրտուե­լու։ Բայց երբ ի­րենց կը բա­ցատ­րուի, թէ պէտք է ո­րոշ պատ­րաս­տու­թե­նէ մը անց­նին, ա­նոնք կ՚ան­հե­տա­նան ու չեն վե­րա­դառ­նար։ «Ո­րով­հե­տեւ ի­րենց հա­մար պէտք է պար­զա­պէս մկրտու­թեան վկա­յա­կա­նը, որ­պէս­զի կա­րե­նան եր­թալ ար­տա­սահ­ման», ը­սաւ Հայր Սուր­բը եւ իր պար­զա­բա­նում­նե­րը ամ­փո­փե­լով ընդգ­ծեց, թէ օ­տա­րազ­գի­նե­րու պա­րա­գա­յին շատ զգու­շու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րուի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015