Ո­ւի­քի­փե­տիան Արեւմտահա­յե­րէ­նով Հարստացնե­լու Մի­տող Ճամբար

Ո­ւի­քի­փե­տիան բազ­մա­լե­զու հա­մա­ցան­ցա­յին ա­զատ հան­րա­գի­տա­րան է, որ կը ստեղ­ծուի կա­մա­ւոր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ: Ան կ՚օգ­նէ տե­ղե­կա­նա­լու մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ստեղ­ծուած գի­տե­լիք­նե­րու ամ­բողջ պա­շա­րին: Ան հիմ­նուած է ա­մե­րի­կա­ցի­ներ՝ Ճի­մի Ո­ւել­սի եւ Լա­րի Սան­ճէ­րի կող­մէ, 15 Յու­նուար 2001-ին:

Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Ո­ւի­քի­փե­տիան աշ­խար­հի ա­մե­նա­մեծ հան­րա­գի­տա­րանն է: Ան օ­րա­կան կը հարս­տա­ցուի եւ կը պահ­պա­նուի աշ­խար­հի մէջ տա­րա­ծուած 14 մի­լիոն մաս­նա­կից­նե­րու կող­մէ: Ա­մէն ա­միս Ո­ւի­քի­փե­տիա­յէն կ՚օգ­տուին 500 մի­լիո­նէ ա­ւե­լի այ­ցե­լու­ներ:

Հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ յա­ճախ հա­յե­րէն տե­ղե­կատուու­թիւ­նը հա­մա­ցան­ցի վրայ բա­ցա­կայ է կամ ան­հա­մե­մա­տե­լիօ­րէն աղ­քատ՝ բաղ­դա­տած այլ լե­զու­նե­րու հետ եւ մենք ստի­պուած ենք մեզ հե­տաքրք­րող նիւ­թը կար­դալ այլ լե­զու­նե­րով:

Հա­մա­ցան­ցի վրայ հա­յե­րէ­նով տե­ղե­կա­տուու­թեան առ­կա­յու­թիւ­նը լե­զուի պահ­պան­ման ե­րաշ­խիքն է: Մինչ Սփիւռ­քի մէջ տա­րի­նե­րէ ի վեր ա­հա­զան­գա­յին դար­ձած է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յա­տեւ­ման վտան­գը, այս ուղ­ղու­թեամբ սա­կայն ինչ­պէս հայ­կա­կան այլ հիմ­նախն­դիր­նե­րու պա­րա­գա­յին՝ ն­­աեւ այս ե­րե­ւոյ­թին նկատ­մամբ մէջ­տեղ դրուած են ա­ւե­լի շատ լո­զունգ­ներ, քան առ­նուած են գործ­նա­կան քայ­լեր:

Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի մի­ջո­ցով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը հա­մա­ցան­ցա­յին լե­զուի վե­րա­ծե­լու եւ այդ մի­ջո­ցաւ նո­րա­հաս սե­րուն­դին հասց­նե­լու հար­ցով ա­մե­նաօգ­տա­շատ, ան­զու­գա­կան եւ գործ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ե­կաւ Հայ­րե­նի­քէն՝ Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ո­րուն յա­ջո­ղու­թեան ի խն­­դիր իր ան­սա­կարկ նպաս­տը բե­րաւ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նա­րկը՝ հո­վա­նա­ւո­րե­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը փրկե­լու վե­րո­յի­շեալ այս կեն­սա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը:

Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի կող­քին, որ ար­դէն իսկ տա­րի­նե­րէ ի վեր առ­կայ է հա­մա­ցան­ցի վրայ, Ո­ւի­քի­փե­տիան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ալ օժ­տե­լու հա­մար ա­մէն ինչ սկսաւ՝ Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սու­սան­նա Մկրտչեա­նի Լի­բա­նան այ­ցով, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մարտ 2014-ին: Մկրտչեա­նի վկա­յու­թեամբ «Ե­կած էի Լի­բա­նան եւ գոր­ծին պատ­կե­րա­ցու­մը շատ դժուար էր ին­ծի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ես զիս մի­նակ կը զգա­յի գաղ­թօ­ճա­խին մէջ եւ հա­ւատք չու­նէի, որ կրնայ այս հսկայ ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նա­նալ: Ան պար­զա­պէս ե­րե­ւա­կա­յա­կան կը թուէր ին­ծի: Լի­բա­նա­նի մէջ իմ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուս ըն­թաց­քին ո­րոշ մար­դիկ հա­ւա­տա­ցին եւ կող­քիս կանգ­նե­ցան, ինչ­պէս՝ «Զար­թօնք»ի խմբա­գիրն ու Րաֆ­ֆի Տէ­միր­ճեա­նը (հե­տա­գա­յին Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­նի Լի­բա­նա­նի հա­մա­կար­գող) եւ այլ նուի­րեալ­ներ եւ ան­շուշտ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կը: Մենք ա­ռա­ջին քայ­լը ը­րինք Լի­բա­նա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն հա­մար, Հա­յաս­տա­նի Ա­ղուե­րա­նի մէջ փո­խան­ցե­լով Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի դա­սըն­թացք: Այդ ի­րա­գոր­ծու­մէն ետք ա­ւե­լի եւս սեր­տա­ցան կա­պե­րը եւ ո­րո­շե­ցինք ան­պայ­ման ճամ­բար մը կազ­մա­կեր­պել այս տա­րի Լի­բա­նա­նի մէջ, որ­պէս­զի կա­րե­նա­յինք ա­ւե­լի եւս ծան­րա­նալ ծրագ­րին վրայ»:

Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս հան­րու­թեան ծա­նօթ է ա­տե­նին հրա­տա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ, Եր­կու­շաբ­թի, 3 Օ­գոս­տոս 2015-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8.00-ին, Զմմա­ռի Հայր Շէլ­հուպ կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ո­ւի­քի ճամ­բա­րի բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ու­ի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կին: Ճամ­բա­րին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին լի­բա­նա­նա­հայ 10 վար­ժա­րան­նե­րէ 43 ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնց ըն­կե­րակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նէն Ո­ւի­քի խմբագ­րող ա­շա­կերտ­ներ:

Այս­պէս ճամ­բա­րը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ա­ւե­լի քան շա­բաթ մը, ո­րուն եզ­րա­փա­կու­մը պի­տի կա­տա­րուի այ­սօր՝ Չո­րեք­շաբ­թի, 12 Օ­գոս­տո­սի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5.00-ին, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Եր­ջօ Սա­մուէ­լեան-Ե­ռա­գոյն» սրա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ ճամ­բա­րի մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն, ա­նոնց ծնող­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, ո­րուն ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու եւ հոն տե­ղի ու­նե­նա­լիք ճամ­բա­րին մաս­նակ­ցե­լու հրա­ւէ­րով պի­տի պար­գե­ւատ­րուին՝ ճամ­բա­րի ըն­թաց­քին լա­ւա­գոյնս ար­տադ­րած ա­շա­կերտ ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն վեց հո­գի:

Ըստ Մկրտչեա­նի վկա­յու­թեան՝ «Ճամ­բա­րին ներ­կայ գտ­­նուե­ցան ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնց­մէ շա­տեր նոյ­նիսկ գրա­շա­րել չէին գի­տեր ու բո­լո­րը թե­րա­հա­ւատ էին այդ կէ­տի մէջ, բայց դուրս ե­կած ար­դիւն­քը թէ՛ ա­շա­կերտ­նե­րը եւ թէ՛­մեզ զար­մա­ցուց»: «Ես ան­ձամբ զար­մա­ցած ու սքան­չա­ցած եմ լի­բա­նա­նա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն ցոյց տուած աշ­խա­տան­քով ու տար­բեր լե­զու­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեամբ», ը­սաւ Սու­սան­նա Մկրտչեան ու շա­րու­նա­կեց. «Ակն­յայտ է, որ Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու հա­յե­րէն լե­զուի ու­սու­ցիչ­ներն ու ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար աշ­խա­տող­նե­րը մեծ աշ­խա­տանք տա­րած են, որ­պէս­զի ի­րա­կա­նա­նայ այդ ճամ­բա­րը, ո­րու ըն­թաց­քին մին­չեւ օրս խմբագ­րուած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 500 յօ­դուած: Ճամ­բա­րը ա­ւե­լիով հա­սած է իր նպա­տա­կին», նշեց Մկրտչեան: «Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կի հետ կա­պուած բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­ներ կան զա­նա­զան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու մէջ եւ նման ճամ­բար­ներ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն շատ հա­ւա­նա­բար տե­ղի ու­նե­նան զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու ու քա­ղաք­նե­րու մէջ, ինչ­պէս՝ Ֆրան­սա, Պո­լիս, Լոս Ան­ճե­լըս եւ այ­լուր», իր հետ մեր զ­­րոյ­ցը եզ­րա­փա­կեց Մկրտչեան:

Օգ­տա­կա­րը հա­ճե­լիին խառ­նե­լով ճամ­բա­րի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան լի­բա­նա­նա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հսկո­ղու­թեամբ եւ ցուց­մունք­նե­րով ո՛չ միայն խմբագ­րե­ցին ու հա­մա­ցան­ցին վրայ տե­ղադ­րե­ցին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով շատ մը գի­տե­լիք­ներ, այլ ան­ցու­ցին ըն­կե­րա­յին շատ ա­ռողջ ու հա­ճե­լի ժա­մա­նակ:

Շա­տե­րուն միտ­քի­ն մէջ թե­րե­ւս ան­մո­ռա­նա­լի մնան այս օ­րե­րը, մին­չե­ւ իսկ ծո­վափ ու լի­բա­նա­նե­ան բա­նա­կի մօ­տա­կայ մէկ զօ­րա­կա­յա­նին այ­ցե­լու­թե­ամբ: Յատ­կան­շա­կան է­ր բ­ծախնդ­րօ­րէ­ն պատ­րաս­տուած ա­ռօ­րե­այ խստա­պա­հանջ ծրա­գի­րը­՝ զարթ­նու­մի կա­նուխ պա­հը­, ա­ռա­ւօ­տե­ան մար­զան­քը, օ­րուան ը­նթաց­քին հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քը, ե­րե­կո­յե­ան ե­րգն ու պա­րը եւ կա­նուխ քնա­նա­լու պար­տա­ւո­րու­թի­ւնը­, ո­րո­նք բո­լո­րը գու­մա­րած կը կո­փե­ն պա­տա­նիին հո­գի­ն, ա­ւե­լի եւս ա­ռողջ ու պա­տաս­խա­նա­տու դարձ­նե­լո­վ զայն:

Ա­հա­ւա­սիկ կարգ մը վկա­յու­թի­ւննե­ր մաս­նա­կից ա­շա­կե­րտնե­րէ­ն, ո­րո­նք կ­՚ամ­փո­փե­ն ի­րե­նց զ­գա­ցում­նե­րու ար­տա­ցո­լա­ցու­մը­.

Ա­սա­տուր Պաս­մա­ճեան (Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Խաչ-Հար­պո­յեան վար­ժա­րան). «Կը կար­ծեմ, որ Ո­ւի­քի ճամ­բա­րը իմ դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րու ա­մե­նա­լաւ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէս մէ­կը ե­ղաւ»:

Մե­րի Մար­կո­սեան (Սա­հա­կեան Լե­ւոն Մկրտի­չեան գո­լէճ). «Ո­ւի­քի ճամ­բա­րը ին­ծի հա­մար լաւ յի­շա­տակ­ներ պի­տի ձգէ վե­րա­դառ­նա­լէս ետք: Կը փոր­ձեմ խմբագ­րել եւ պի­տի խմբագ­րեմ»:

Շա­հէն Ա­րա­պօղ­լեան (Ե­ղի­շէ Մա­նու­կեան գո­լէճ). «Ո­ւի­քի ճամ­բա­րը շատ բա­ներ սոր­վե­ցուց ին­ծի եւ շատ լաւ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ձգեց մեր ե­րի­տա­սարդ ու­ղեղ­նե­րուն մէջ: Շատ լաւ բա­ներ սոր­վե­ցանք, ա՛լ ա­ւե­լի եւս մտանք հա­մա­կար­գի­չի աշ­խար­հին մէջ եւ զար­գա­ցու­ցինք մեր գի­տե­լիք­նե­րը»:

Յա­կոբ Թաշ­ճեան (Մե­լանք­թոն եւ Հայկ Արս­լա­նեան ճե­մա­րան). «Մին­չեւ Ո­ւի­քի ճամ­բա­րի սկսի­լը նոյ­նիսկ չէի մտա­ծեր, որ կրնամ Ո­ւի­քի­փե­տիա­յին մէջ յօ­դուած­ներ խմբագ­րել: Ո­ւի­քի­փե­տիա­յին դա­սըն­թաց­քէն ետք վստահ եմ օ­րա­կան յօ­դուած­ներ պի­տի ա­ւելց­նեմ հոն»:

Ճե­սի Թէր­զեան (Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան գո­լէճ). «Ին­ծի հա­մար Ո­ւի­քի ճամ­բա­րը շատ հա­ճե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր, որ զար­գա­ցուց գի­տե­լիք­ներս եւ կա­րո­ղու­թիւն­ներս ու յա­ջո­ղե­ցաւ դառ­նալ իմ երկ­րորդ ըն­տա­նիքս»:

Ռի­թա Սար­գի­սեան (Ազ­գա­յին Լե­ւոն եւ Սո­ֆիա Յա­կո­բեան գո­լէճ). «Ես այս տա­րի ա­ռի­թը ու­նե­ցայ մաս­նակ­ցե­լու Ո­ւի­քի ճամ­բա­րին, որ ին­ծի հա­մար շատ լաւ փոր­ձա­ռու­թիւն մը ե­ղաւ: Մեր աշ­խա­տան­քը շատ հե­տաքրք­րա­կան էր, իսկ մթնո­լոր­տը շատ ըն­կե­րա­յին եւ այդ մէկն է, որ մեզ մղեց աշ­խա­տան­քի եւ մե­զի հա­մար ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն յօ­դուած­ներ խմբագ­րե­լը ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեան վե­րա­ծուե­ցաւ: Ես վստահ եմ, որ Ո­ւի­քի ճամ­բա­րէն երբ տուն վե­րա­դառ­նանք, պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր այս գոր­ծը եւ շատ մը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն յօ­դուած­ներ պի­տի խմբագ­րենք»:

Նա­րօտ Ա­թա­մեան (Հայ Կա­թո­ղի­կէ Մես­րո­պեան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րան). «Շատ ու­րախ եմ, որ այս ճամ­բա­րին մաս­նակց­ե­ցայ, շատ հաճ­ել­ի է եւ լաւ փոր­ձա­ռութ­իւն մըն է մեզ­ի հա­մար: Նոր գիտ­ել­իքն­եր ստա­ցանք»:

Սիլ­վա Քէօհ­իւլ­եան (Ազ­գա­յին Յա­ռաջ Գա­լուստ Կիւլպ­էնկ­եան վար­ժա­րան). «Այս մ­­էկ­ը իմ ա­ռաջ­ին փոր­ձա­ռութ­իւնս է եւ շատ հպարտ եմ, որ ա­ռիթ­ը ուն­ե­ցայ մաս­նակց­ել­ու այս ճամ­բա­րին եւ փորձ­եց­ի օգ­տա­կար գտնու­իլ ա­րեւմ­տա­հայ­եր­էն լեզ­ուն պահ­պա­նե­լու հա­մար ու շատ գիտ­ել­իքն­եր ամ­բա­րեց­ի»:

Կը մնայ մեր կողմ­է ա­ւելցն­ել, թէ կար­ել­ի չէ մոռ­նալ այս­տեղ ծնողն­եր­ուն վստահ­ութ­իւնն ու քա­ջա­լե­րան­քը: Կեն­սա­կան էր մաս­նա­կից վար­ժա­րանն­եր­ու տնօր­էնն­եր­ու գոր­ծակ­ցութ­իւն­ը, որ­ոնցմ­է Հայ Կաթ­ող­իկ­է Ս. Խաչ եւ Հարպ­ոյ­եան Վար­ժա­րա­նի տնօր­էն­ուհ­ի Ռի­թա Պո­յա­ճեան այ­ցել­ութ­իւն մը տուաւ ճամ­բար՝ գուրգ­ու­րանք ց­­ու­ցա­բեր­ել­ու ու մօտ­էն քա­ջա­լեր­ել­ու իր հո­գե­հա­րա­զատ ա­շակ­երտն­եր­ը եւ ըստ իր վկայ­ութ­եան՝ «Հա­ւատք ու յա­րա­տեւ­ութ­եան ոգ­ի ներշն­չել­ու ա­նոնց, ինչպ­էս ա­մէն ի­րա­գործ­ում­ի, նա­եւ այս կ­­են­սա­կան գործ­ին մէջ, որ­ուն սիր­ով լծուած են ա­նոնք»։

­Վեր­ջա­պէս վարձք­ը կա­տար Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած եւ օր ի գիշ­եր ա­շակ­երտն­եր­ուն վրայ հսկող ու ա­նոնց Ու­իք­իփ­ետ­իան խմբագ­րել­ու գիտ­ել­իք եւ միջ­ոց ջամ­բող Դա­ւիթ Սա­րո­յե­ա­նին ու Ազ­նի­ւ Ս­տե­փա­նեա­նին, ինչ­պէ­ս նաե­ւ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­ն Ո­ւի­քի­փե­տի­ա­յի նուի­րե­ալ լի­բա­նա­նա­հայ ու­սու­ցի­չ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն, ո­րո­նք ի­րե­նց սուղ ժա­մա­նա­կը նուի­րե­ցի­ն ու ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը զո­հե­ցի­ն սոյն ճամ­բա­րի յա­ջո­ղու­թե­ան: 

ՍԵ­ՒԱԿ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015