ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեղեկացուց, թէ Սուրիոյ հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստեղծուած երեքական դիւանակալէ բաղկացեալ դրութեան մասնակից պաշտօնատարները մեկնած են Մոսկուա։ Նախարարը ընդգծեց, որ Արեւմուտքը պէտք չունի անհանգստանալու այս բոլորէն։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալքիի հետ։ Երկու նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Չավուշօղլու շեշտեց, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները թեւակոխած են բնականոնացման փուլ։ «Յառաջիկայ շրջանին մեր նպաստը պիտի բերենք Պաղեստինի դատին եւ Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացին», ըսաւ նախարարը։
Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադրութեան՝ ան ըսաւ, թէ մշտական խաղաղութեան հաստատման համար բոլորը պէտք է կատարեն իրենց վիճակածը։
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումէն վերջ թրքական ռազմաօդանաւերը յառաջիկայ շրջանին պիտի կարենան վերստին թռիչքներ իրականացնել Սուրիոյ մէջ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ներկայիս կը համակարգուին համապատասխան նիւթերը։