ՆՈՐ ԴԵՐԱԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մի­ջեւ Մոս­կուա­յի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Սարգ­սեա­նի հետ տե­սակ­ցե­լէ ա­ռաջ Փու­թին Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ հիւ­րըն­կա­լած էր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նը, իսկ այդ հան­դի­պու­մէն օր մը ա­ռաջ Պա­քուի մէջ մէկ­տե­ղուած՝ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Այս բո­լոր հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Սեն Փե­թերս­պուր­կէ վե­րա­դար­ձին Էր­տո­ղան օ­դա­նա­ւին մէջ լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս կան զար­գա­ցում­ներ։ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան-Ատր­պէյ­ճան ե­ռա­կող­մա­նի դրու­թեան մը ստեղծ­ման նիւ­թին անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Էր­տո­ղան նշեց, թէ Պա­քու եւ Մոս­կուա հաշտ աչ­քով դի­տած են այս մտադ­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, Ռու­սաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ կը գոր­ծէ նման ե­ռա­կող­մա­նի դրու­թիւն մը։ Պա­քուի մէջ ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցած էր այդ ե­ռա­կող­մա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Նոյն օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով Ան­գա­րա յղա­ցաւ Մոս­կուա­յի եւ Պա­քուի հետ ե­ռա­կող­մա­նի դրու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջար­կը։ Էր­տո­ղա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այս նիւ­թը քննար­կած էր Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Ինքն ալ նոյն հար­ցը ար­ծար­ծած է Փու­թի­նի հետ եւ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ձեռք բե­րած են պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն։ Նպա­տակն է տա­րած­քաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւիլ տեղ­ւոյն վրայ ու մօ­տէն։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին կրնար ա­ւե­լի տար­բեր ար­դիւնք­ներ տալ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը, ո­րուն կ՚ան­դա­մակ­ցի նաեւ Թուր­քիա։ Բայց եւ այն­պէս, բա­ցի Ատր­պէյ­ճա­նէն միայն ե­րեք եր­կիր այդ գոր­ծին մէջն էր։ Ա­նոնք էին՝ Ռու­սաս­տան, Ֆրան­սա եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ «23-24 տա­րի ե­ղաւ, տա­կա­ւին այս հար­ցը չկրցան լու­ծել, կամ չու­զե­ցին լու­ծել։ Բնա­կա­նա­բար խնդրոյ ա­ռար­կայ է բռնագ­րա­ւում մը։ Բո­լո­րը կ՚ըն­դու­նին այդ բռնագ­րաւ­ման մա­սին։ Ու­րեմն, ե­թէ բռնագ­րա­ւում մը կայ, ին­չո՞ւ վերջ չէք դներ այդ մէ­կուն։ Սա­կայն հի­մա կան կարգ մը զար­գա­ցում­ներ։ Պա­րոն Փու­թին այս նիւ­թին վրայ կ՚եր­թայ յա­մա­ռու­թեամբ։ Պա­րոն Ա­լիեւն ալ ին­ծի պատ­մեց այս մա­սին։ Իմ մաղ­թանքս այն է, որ ա­ւե­լի ա­ռաջ խնդրոյ ա­ռար­կայ դար­ձած հինգ շրջան­նե­րը ե­թէ բա­ցուին, կը կար­ծեմ այդ հար­ցը լրջօ­րէն պի­տի թե­ւա­կո­խէ հանգս­տու­թեան գոր­ծըն­թաց մը», ը­սաւ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։

Թրքա­կան կող­մը ներ­կա­յիս զգա­լիօ­րէն կ՚աշ­խու­ժա­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րը քննարկ­ման դրաւ Ռու­սաս­տա­նի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ Խոր­հուր­դի նիս­տին ժա­մա­նակ հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ այն պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ռուս ղե­կա­վա­րը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­պա­հո­վեց Ատր­պէյ­ճա­նի, Ի­րա­նի, Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն հետ հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ժո­ղո­վը, որ­մէ վերջ Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան զրու­ցեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ՝ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Սարգ­սեան-Փու­թին տե­սակ­ցու­թեան շուրջ։ Փոխ-նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան պատ­րաստ է Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ժա­մա­նակ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման։ Սերժ Սարգ­սեան այս մա­սին նշած է Մոս­կուա­յի մէջ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։

Սերժ Սարգ­սեա­նի Մոս­կուա այ­ցե­լու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէր նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ հետզ­հե­տէ զար­գա­ցող զէն­քի վա­ճառք­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Իսկ Հա­յաս­տան մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը սպա­սէ ռու­սա­կան ար­տադ­րու­թեան այն ար­դիա­կան զէն­քե­րուն ու զի­նամ­թեր­քին, ո­րոնք պէտք է ի­րեն յանձ­նուին կող­մե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րուած պայ­մա­նագ­րե­րուն հի­ման վրայ։ Սարգ­սեա­նի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Փու­թին նշեց, որ Ռու­սաս­տան կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տա­նի սպա­ռա­զի­նու­թիւն­ներ մա­տա­կա­րա­րե­լու վե­րա­բե­րեալ իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ «Ինչ կը վե­րա­բե­րի սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րուն, ա­պա մենք Հա­յաս­տա­նի հետ ու­նինք աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գիր։ Հա­յաս­տան ՀԱՊԿ-ի ան­դամ է եւ մեր դաշ­նա­կի­ցը, մենք ու­նինք փո­խա­դարձ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ Ռու­սաս­տան միշտ կը հե­տե­ւի իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ու կը կա­տա­րէ զա­նոնք», ը­սաւ Փու­թին։

Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին ռուս ղե­կա­վա­րը ա­ւել­ցուց նաեւ, թէ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու ար­դի շու­կա­յի մէջ ո­րե­ւէ եր­կիր կրնայ ո­րե­ւէ զէնք գնել։ «Եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նման եր­կիր՝ նաւ­թով, ա­րագ զար­գա­ցող տնտե­սու­թեամբ, ոս­կիի մեծ հան­քե­րով եր­կիր, ի հար­կէ կրնայ զէնք գնել ուր­կէ որ ու­զէ», մատ­նան­շեց Փու­թին, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, թէ անհ­րա­ժեշտ է առ­կայ խնդիր­նե­րը լու­ծել խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով։

Սերժ Սարգ­սեան Մոս­կուա­յի մէջ ընդգ­ծեց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու գլխա­ւոր նիւ­թը ե­ղած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը, Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տա­րու­մով։ «Սա նախ եւ ա­ռաջ, 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի դրու­թեան մա­սին ե­ռա­կող­մա­նի ան­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ան­վե­րա­պահ կա­տա­րումն է, դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մը եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի ա­ռա­քե­լու­թեան ընդ­լայ­նու­մը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ պէտք է բո­լո­րը շա­հին ի­րա­տես, յստակ եւ ի­րա­գոր­ծե­լի ո­րո­շում­նե­րու ար­դիւն­քին։ Ա­նոնց հիմ­քին պէտք է գտնուին փո­խա­դարձ յար­գանքն ու վստա­հու­թիւ­նը, այլ ոչ թէ ա­տե­լու­թիւնն ու այ­լա­տեա­ցու­թիւ­նը։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016