ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄ. ՏԻՊԱՐ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ

Ժողովուրդի լայն զանգուած մը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարը կ՚ընկալէ որպէս «Խաղողի օրհնութեան» տօն։ Այս մէկը այն աստիճան ընդհանրացած է, որ մեր հարեւանները նոյնիսկ այս օրը կը կոչեն «Խաղողի տօն»։ Սակայն եւ այնպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարին իր զաւակներուն կը ներկայանայ շարականներով, տաղերով եւ մանաւանդ Սուրբ Գրական ընթերցումներով, որոնց միջոցաւ հաւատացեալ անհատներ առիթը կ՚ունենան վերաթարմացնելու իրենց գիտակցութիւնը հանդէպ Սուրբ Կոյսին, որ տիեզերքի պատմութեան մէջ ծանօթ է նաեւ որպէս «Նոր Եւա» կոչումով։

Սուրբ Գրքի մէջ մեր նախամայրը՝ Եւան, ծանօթ է իր անհնազանդութեամբ։ Անհնազանդութիւն մը, որ նոյնինքն Աստուծոյ կամքին ներհակ դրսեւորումն էր, որով վարակուեցաւ նաեւ Ադամ։ Մեր նախածնողքին եւ անոնց միջոցաւ մարդկութեան վրայ հասաւ մահուան անէծքը։ Եւան՝ առաջին կինը, եղաւ առաջին մեղանչողը եւ ըստ Աստուծոյ խօսքին «Իր յղութեան ցաւերը խիստ շատցաւ. ցաւով զաւակ ծնաւ» (Ծննդոց, 3.16)։ Թէ ի՞նչ էր տարբերութիւնը Եւայի եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի միջեւ։ Եւան իր անհնազանդութեանը պատճառաւ ենթարկուեցաւ երկունքի ցաւին ու աշխարհ բերաւ մահկանացու մը, եղաւ «մայր մեռելոց», իսկ Մարիամ՝ Աստուծոյ կամքին առջեւ դրսեւորած իր հնազանդ կեցուածքովը մարմին տուաւ Աստուծոյ Խօսքին եւ ծնաւ Փրկիչը համայն մարդկութեան, եւ եղաւ «մայր կենդանութեան»։ Որքան գեղեցիկ են Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բառերը, Երանաշնորհ Նորայր Ս. Արք. Պօղարեանի թարգմանութեամբ. «Իսկապէս քեզմով կատարուեցան աստուածախօս եւ ընտրեալ նախագուշակ մարգարէներու գրուածքները, որոնք յայտնեցին թէ փոխանակ Եւայի դուն պիտի ըլլայիր Մայրը Աստուծոյ Որդւոյն, որով նորոգուեցան արարածները մեղքի առաջին հնութենէն, ուրկէ նախամօր անիծեալ երկունքը օրհնութեան փոխուեցաւ եւ յանցանքներու դատապարտութեան գիրը պատռուեցաւ։ (Քարոզ՝ Ամենօրհնեալ Սուրբ Աստուածածնի)»։ Մարիամի ցուցաբերած հնազանդութիւնը թէեւ պահ մը անցաւ տատամսումի ճանապարհէն, սակայն ի լուր Գաբրիէլ Հրեշտակապետի աւետիսին եւ մանաւանդ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» հաստատումին, խոնարհեցուց իր պարանոցը եւ արտասանեց «Եղիցի»ն, ի նշան խոնարհութեան եւ հաւատարմութեան եւ մանաւանդ՝ հնազանդութեան։ Մարիամի «Եղիցի ըստ բանի քում, Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ» խօսքը տիեզերքի պատմութեան մէջ կարեւոր անկիւնադարձ մըն է։ Մարիամ հաւատաց, թէ «Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուածները պիտի կատարուէին» (Ղուկաս, 1.45)։ Սուրբ Կոյս Մարիամ եղաւ «օրհնեալը բոլոր կիներուն մէջ, Իր որովայնին մէջ կրած օրհնեալ Պտուղով» (Ղուկաս, 1.42)։

Տաճարի շրջափակի մթնոլորտը շնչելով հասակ նետած Սուրբ Կոյսը Աստուծմէ շնորհ գտաւ ու արժանացաւ Տիրամայր կոչումին։ Ան թագուհին է բոլոր սուրբերուն եւ տիպարը՝ հնազանդութեան։ Սուրբ Կոյսի հնազանդութեան օրինակը հրաւէր է բոլորիս, լսելու Աստուծոյ կամքը, ըմբռնելու Աստուծոյ Խօսքին իմաստը, նախապայմանը՝ հաղորդ դառնալու Աստուծոյ Խօսքին կենարար պատգամներուն։ Աստուծոյ Խօսքին արժէք ընծայելու համար պարտինք որդեգրել Տիրամօր կեցուածքին օրինակը, որ կ՚անցնի խոնարհութեան, հեզութեան ճանապարհէն։ Կը հրաւիրուինք ըլլալու «հոգիով աղքատներ, որպէսզի արժանանանք երկնքի արքայութեան» (Մատթէոս, 5.3)։ Հոգիով աղքատներ ըլլալու պարագային է, որ կրնանք խոստովանիլ, թէ մեր կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին կարիքը ունինք Աստուծոյ օրհնութեան եւ միայն այս օրհնութեամբ կը պտղաբերին մեր կեանքերը։

Այս տաղաւարին երբ տաճար կ՚ընծայենք խաղողները եւ օրհնուած խաղողները կը տանինք մեր սեղանները, անոր առընթեր կենանք Աստուծոյ առջեւ եւ լեցուինք աստուածային օրհնութեամբ ու օրհնեալ մեր կեանքերը պահենք անաղարտ, հեռու՝ սատանայական փորձութիւններէ։ Հեռու մնանք «Աստուծոյ Սուրբ Հոգին տրտմեցնելու մեղքէն», որովհետեւ «Սուրբ Հոգիով կնքուած ենք փրկութեան օրուան համար» (Եփեսացիս, 4.30)։ Քաջ գիտնանք, թէ ինչպէս որ Սուրբ Կոյսը իր հնազանդութեամբ, խոնարհութեամբ եղած է «Նոր Եւա», մենք ալ՝ Սուրբ Մկրտութեամբ վերստին ծնածներս կանչուած ենք մեր մէջէն վանելու «Հին մարդը» իր ապականութիւններով եւ հագնելու նոր մարդը։ Աստուծոյ օրհնեալ կամքն է, որ Իր պատկերին նմանութեամբը ստեղծուած մարդը Քրիստոսի միջոցաւ վերստին արժանանայ արդարութեամբ եւ սրբութեամբ օծուն նոր զգեստին, զգեստ մը՝ զոր բազում սուրբեր կրեցին պատիւով ու հոգեւոր ուրախութեամբ, անփոփոխելիօրէն, նման իրենց մարմնի մորթի գոյնին։ Ահաւասիկ Սուրբ Կոյսը իր վարքով արժանաւորապէս դարձաւ նաեւ «Սուրբերու Թագուհի» ըլլալու պատիւին։

Ի բոլոր սրտէ կը հայցենք Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուն մեր սրտերով մնանք Աստուածահաճոյ կեանքի շաւիղներուն մէջ։ Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017