ԱԴԱՄԱՆԴԱԶԱՐԴ ՈՍԿԵԱՅ ԴԻՄԱԿՆԵՐ

Իսրայէլի մէջ ոսկիէ բժշկական դիմակ կը ստեղծեն՝ զարդարուած սեւ եւ սպիտակ ադամանդներով։ Այսպէս, Իսրայէլի ոսկերիչները կ՚աշխատին աշխարհի մէջ ամենաթանկ՝ սպիտակ ոսկիէ բժշկական դիմակի ստեղծման վրայ։ Ըստ Haaretz-ի, սեւ եւ սպիտակ ադամանդներով դրուագազարդուած է դիմակը, որ պիտի արժէ մօտաւորապէս 1.5 միլիոն ամերիկեան տոլար:

«18 քարատ սպիտակ ոսկիէ դիմակը կը զարդարուի 3600 սեւ եւ սպիտակ ադամանդներով եւ, պատուիրատուի փափաքին համաձայն, պատուած է N99 բարձր որակի զտիչով», յայտնած է ոսկերչական ընկերութեան ձեւագծող եւ սեփականատէր Իսհաք Լեւի: Նման դիմակի ստեղծման պատուէրը իսրայէլացի ոսկերիչները ստացած են չինացի գործարարէ մը, որ կը բնակի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Պատուիրատուն աշխատանքը իրագործողներուն առաջադրած է երկու պայման. դիմակը պէտք է պատրաստ ըլլայ մինչեւ տարեվերջ եւ պէտք է նման ամենաթանկ արտադրանքը դառնայ աշխարհի մէջ: Իսհաք Լեւիի խօսքով, վերջին պայմանը «կատարելը ամենադիւրինն է»: Լեւի լրագրողներուն ցուցադրած է դիմակի արդէն պատրաստ մասերը, որոնք պատուած են թանկարժէք քարերով: Շերտերէն մէկուն վրայ կայ բացուածք մը՝ զտիչի համար:

Ադամանդները, որոնցմով կը դրուագազարդուի ոսկէ դիմակը, դժուար է զայն յարմարեցնել կրելու համար, սակայն, անկասկած, կ՚օգնեն ուշադրութիւնը սեւեռել անոր տիրոջ վրայ: Ոսկերիչի գնահատմամբ, արտադրանքը կը կշռէ մօտաւորապէս 270 կրամ. ինչ որ գրեթէ հարիւր անգամ աւելի ծանր է սովորական բժշկական դիմակէն: «Այդ դիմակը կրնայ մարտահրաւէր դառնալ տնտեսական ճգնաժամի ժամանակաշրջանին, երբ հարիւրաւոր մարդիկ կորսնցուցած են իրենց եկամուտները», ըսած է Իսհաք Լեւի եւ յաւելած՝ սակայն այդ պատուէրը ձեռնարկութեան օգնած է ապրիլ տուեալ ծանր ժամանակաշրջանին։ «Ես ուրախ եմ, որ այդ դիմակը մեզի բաւարար աշխատանք տուաւ, այնպէս որ մեր աշխատակիցները կարողացան իրենց աշխատատեղերը պահպանել այս դժուարին ժամանակներուն», ըսած է ոսկերիչը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020