ԱԴԱՄԱՆԴԱՊԱՏ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ

Jacob & Co. ընկերութիւնը ներկայացուցած է բացառիկ ադամանդապատ ժամացոյց մը։ Այսպէս, զուիցերական Jacob & Co. ժամագործական ընկերութիւնը ներկայացուցած է ոլորտի բացառիկ գլուխգործոց՝ Billionaire Ashoka նոր ժամացոյցը, որ ստեղծուած է մէկ օրինակով ու արժանի է թանգարանային նմոյշ դառնալու:

Ժամացոյցի զարդարման համար օգտագործուած են 189 քարատ Ashoka հատընտիր ադամանդներ: Ashoka ադամանդները հազուագիւտ, շատ պարզ ու թափանցիկ են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի բացառիկ ձեւ եւ 62 երիզ, որու շնորհիւ անոնք կ՚երեւին շատ աւելի մեծ, քան իրականին մէջ:

Յատկանշական է, որ աշխարհի ադամանդներու մէկ տոկոսէն պակասը կրնայ մշակուիլ ու Ashoka ադամանդ դառնալ:

Ժամացոյցը, որ կը ծառայէ որպէս շքեղ թեւնոց, կ՚արժէ 7 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020