ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԻՐԱԶԵԿՈՒՄ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ շփումներ ունեցան Անգարայի մէջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար այս առթիւ հիւրընկալեցին իրենց պաշտօնակիցները։ Հիւր նախարարները Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, դռնփակ այս նուրբ հանդիպումը տեւեց 45 վայրկեան։ Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեցին քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ։ Միայն տեղեկացուեցաւ, որ Պայրամով եւ Հասանով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան վերաբերեալ վերջին կացութեան շուրջ տեղեակ պահած են նախագահ Էրտողանը։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն ժամանակ Անգարա միանշանակ ձեւով դիրք գրաւած էր Պաքուի կողքին։

Երկու ազէրի նախարարներու Անգարա այս այցելութեան ընթացքին վարուած բանակցութիւններու օրակարգը, ընդհանրապէս բաւական սահմանափակ ձեւով ցոլացած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Չավուշօղլու եւ Պայրամով սարքած են նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ըստ էութեան, լրատուամիջոցները այդ մամլոյ ասուլիսի վերաբերեալ խոշորացոյցի տակ առած են՝ Չավուշօղլուի կողմէ Միջերկրականի արեւելքի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ըսուած խօսքերը։ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն շուրջ հաղորդումներուն մէջ շեշտը դրուած է երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան եւ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուելիք նոր համաձայնագրերուն վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կապակցութեամբ Չավուշօղլու հերթական անգամ քննադատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը։ Թրքական կողմը կրկնած է իր դիրքորոշումը, թէ Ատրպէյճանի համար նախընտրելի լուծումը իրեն տեսակէտէ ալ նախընտրելի պիտի ըլլայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020