ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան յոյս յայտնեց, թէ օգտագործելով առանձնայատկութիւններն ու առաւելութիւնները՝ Հայաստան պիտի կարողանայ յաղթահարել առկայ դժուարութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան՝ Տաւուշի մարզի վերջին իրադարձութիւններուն։ Արմէն Սարգսեան, որ վերջին օրերուն այցելած էր Տաւուշ, փոխանցեց տպաւորութիւնները։ Ան շատ ուրախացած է ականատես դառնալով մարդկանց ոգիին։ Բոլորը եռանդով եւ լաւատեսութեամբ տոգորուած էին։ «Վերադարձայ վստահութեամբ, թէ մեր քաղաքացիները ամուր կանգնած են զինուորներու, մեր բանակի կողքին», ըսաւ Արմէն Սարգսեան՝ զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն յայտնելով կառավարութեան գործունէութեան համար։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ անդրադարձաւ տարածքաշրջանային լարուած իրավիճակին։ «Մեզի համար տեսանելի էր Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական հռետորաբանութեան զարգացումը եւ ինծի համար միանշանակ էր, թէ հաւանական մագլցումը երկիրը չէր կրնար դիմաւորել, այսպէս ըսած, քնացած վիճակի մէջ», ըսաւ զրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ Տաւուշի մէջ պատահածը Ատրպէյճանի կողմէ բացայայտ բռնութիւն էր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ։ Վերջին իրադարձութիւնները տարածքաշրջանէն ներս բոլորովին նոր աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակ մը ստեղծած են։ Սա մեծ հաշուով կ՚ամրապնդէ Հայաստանի աւանդական դիրքորոշումը։ Այստեղ այս աւանդական դիրքորոշումը Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններու եւ կառավարութիւններու կողմէ ամբողջութեամբ պահպանուած է. Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում եւ կրնայ լուծուիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։

«Այսինքն, սա իրողութիւն է, որու հետ պէտք է հաշուի նստիլ։ Հայաստանի զինեալ ուժերը պատրաստ են պահպանել մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմանները», ըսաւ վարչապետը։

Նոյնպէս պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան երէկուան հանդիպման ընթացքին կանգ առին նաեւ Պէյրութի վերջին պայթումին հետեւանքով լիբանանահայութեան մատնուած կացութեան վրայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020