ԱՌՑԱՆՑ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ԵԼՈՅԹ

Համաճարակի հետեւանքներէն մէկն ալ այն էր, որ նորաձեւութեան տուները հրաժարեցան իրենց հաւաքածոներու ֆիզիքական ցուցադրութենէն. ապրանքանիշերը կը ներկայացնեն նոր հաւաքածոները առցանց ձեւաչափով: Թուային տարածքը ստեղծագործական հսկայական հարթակ է եւ նորաձեւութեան տուները կ՚օգտագործեն առհասարակ տեսողական եւ հայեցակարգային գործիքներ իրենց ներկայացումներու համար:

Այսպէս, աշխարհահռչակ Prada ընկերութիւնը բացայայտեց կանանց եւ տղամարդոց գարուն-ամառ 2021 հաւաքածոն՝ «Show That Never Happened» (Շոու, որ երբեք տեղի չունեցաւ) ժապաւէնի միջոցով: Ան բաղկացած է հինգ մասերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրի համար պատասխանատու են առանձին լուսանկարիչներ։

Աւանդական մէկ բան մնացած է միայն. ցուցադրութեան աւարտին նորաձեւութեան տան ստեղծագործական տնօրէն Միուչիա Փրատա դուրս կու գայ ու կը խոնարհի։

Նոր հաւաքածոն նուիրուած է նոր ժամանակներուն, սպառման նկատմամբ նոր վերաբերմունքին եւ իրերու գործառոյթին: Զգեստապահարանի բոլոր փոփոխութիւնները հնարաւորինս պարզ եւ գործնական են՝ մաքուր ուրուագիծ, նուազագոյն բեմայարդարանք, միագոյն եւ նախընտրութիւն տրուած է հիւսուածքներուն եւ գործուածքներուն, ինչ որ ամենակարեւորն է՝ յարմարաւէտութեան։

«Երբ ժամանակները ծանր են, հագուստը կը դառնայ կեանքի եւ գործողութիւններու գործիք», ըսած է Փրատան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020