ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՇԱՐԺՈՒՄ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) իսկոյն շարժման անցած է՝ օժանդակութիւն փութացնելու համար լիբանանահայութեան, որ հրատապ կացութեան մատնուած է Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին հետեւանքով։ Կը հաղորդուի, որ ՀԲԸՄ յատուկ ֆոնտ մը եւ օգնութեան խումբ մը ստեղծած է Լիբանանի պարագային։ Ներկայիս արդէն իսկ գոյացած է 2 միլիոն ամերիկեան տոլար՝ լիբանանահայութեան կարիքներու դիմագրաւման համար։ Երէկ, ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուեցաւ մամլոյ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ զանազան մանրամասնութիւններ ներկայացուած են ձեռնարկուած նուիրահաւաքման արշաւին շուրջ։ Այսպէս, շուրջ շաբաթ մը առաջ, Լիբանանի մէջ պատահած աղիտալի պայթումէն անմիջապէս ետք, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութիւնը հանգանակութեան հրատապ եւ համընդհանուր կոչ ուղղեց, շտապ օգնութիւն փութացնելու նպատակով լիբանանահայութեան, հաստատելով նաեւ յատուկ ֆոնտ մը այդ նպատակին համար: Աշխարհի բոլոր կողմերէն, բարերարներու եւ անհատներու կողմէ անյապաղ եւ լիաբուռն կերպով կատարուած նուիրատուութիւններով, շաբաթավերջին արդէն մէկ միլիոն տոլար գոյացած էր: Այդ գումարը կրկնապատկուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն կողմէ, որոնք նաեւ խոստացան կրկնապատկել յառաջիկայ շաբաթներուն շտապ օգնութեան համար հանգանակուած բոլոր գումարները:

Անմիջապէս, 100 հազար տոլար եւ աւելի գումարներով իրենց մասնակցութիւնը բերող նուիրատուներն էին. Էլի եւ Էլիզպիէթա Աքըլեան (ԱՄՆ), Երուանդ Տեմիրճեան (ԱՄՆ), Հայկ եւ Էլսա Տիտիզեան (Մեծն Բրիտանիա), Նիկոլ Քուլաճեան (ԱՄՆ), Լեւոն եւ Քլոտիա Նազարեան (ԱՄՆ), Ժոզէֆ եւ Ճեննի Ուղուրլեան (Մեծն Բրիտանիա), Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան (ԱՄՆ), Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան (ԱՄՆ), Սինան եւ Անժէլ Սինանեան (ԱՄՆ) եւ մի ոմն (ԱՄՆ):

ՀԲԸՄ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր բարերարներուն, հանրութեան շրջանակներէն անհատ նուիրատուներուն, երիտասարդ արհեստավարժներուն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն իրենց մասնակցութիւնը բերող աջակիցներուն:

Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով՝ «Քանի մը օրերու ընթացքին, արատաձեռնօրէն կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած պատկառելի գումարը, խորագոյն գոհունակութիւն կը պատճառէ մեզի: Մեր միացեալ ուժերով է, որ մենք պիտի կարենանք օգնութեան հասնիլ աղէտի գօտիին մէջ գտնուող մեր համայնքի անդամներուն եւ աջակցիլ տեղւոյն վրայ, ՀԲԸՄ-ի շտապ օգնութեան յատուկ ջոկատներուն կողմէ յառաջ տարուող փրկութեան աննախընթաց աշխատանքներուն»։

ՀԲԸՄ կոչ կ՚ուղղէ աշխարհատարած հայութեան, փրկութեան ձեռք մեկնելու իրենց Լիբանանի հայրենակիցներուն, արագ եւ առատաձեռն նուիրատուութիւններով, առաւելագոյնս օգտուելու համար հանգանակուած գումարներու կրկնապատկումի առիթէն:

Նկատի ունենալով ներկայիս փոստով ուղարկուած չէքերու կապուած բարդութիւնները, կը խնդրենք նուիրատուութիւնները կատարել առցանց կամ հեռաձայնային կապով:

Citibank NY-ի մօտ ստեղծուած Շտապ օգնութեան ֆոնտին եւ անոր աշխատանքներուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կրնաք այցելել www.agbugiving.org/lebanon կայքէջը, կամ հեռաձայնել 212-319-6383 թիւին (Նիւ Եորքի ժամով, երկուշաբթի - ուրբաթ, ժամը կ.ա. 9 - կ.ե. 5): Հեռագրային փոխանցումները հաճեցէք կատարել ել-նամակի հետեւեալ հասցէով՝ giving@agbu.org

Միւս կողմէ, երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այցելեց Պէյրութի պայթումին հետեւանքով վնասուած հայկական եկեղեցիները եւ այլ շարք մը ազգային կառոյցներ։ Ան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց յառաջացած վնասներուն շուրջ։ Այցելութիւններու աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի շէնքին մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Լիբանանի թեմի պատասխանատուներուն հետ։ Այս փուլին ալ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ փութով պէտք է վնասներու արժեւորումը կատարուի, որպէսզի հնարաւոր դառնայ վերականգնման աշխատանքներուն լծուիլ կազմակերպուած ձեւով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020