ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան տնօրինութեամբ, Իշխանաց կղզիներու մէջ կը սկսի ելեկտրական ինքնաշարժներու օգտագործումը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր կղզիներէ ներս կ՚օգտագործուէին ձիակառքերը։ Վերջին շրջաններուն հանրային կարծիքին մօտ զգայնութիւն յառաջացած էր անասուններու իրաւունքներու ոտնահարման ողբերգական դրսեւորումներուն շուրջ։ Հասարակական բանավէճի մթնոլորտին մէջ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը դիմեց նոր կարգադրութիւններու։ Այս հիման վրայ կղզիներէ ներս գործել կը սկսին ելեկտրական ինքնաշարժներ։ Ձիակառքերը թէեւ Գնալըի մէջ այդքան ընդհանրացած չէին, սակայն միւս կղզիներէ ներս պարագան այդպէս չէ։ Ձիակառքերու ելեկտրական ինքնաշարժներով փոխարինման գործընթացը յառաջ կը տարուի քաղաքապետարանին կողմէ։ Նոր պայմաններուն ներքեւ, Գնալը կղզիէն ներս ելեկտրական ինքնաշարժներ գործել պիտի սկսին՝ որքան որ ալ այնտեղ նախապէս ձիակառքերու ցանցը ընդհանրացած չ՚ըլլար։

Գնալը կղզիի մէջ այսօրուան դրութեամբ կը սկսի ելեկտրական ինքնաշարժներու օգտագործումը։ Քաղաքապետարանը վերջին օրերուն արդէն կղզի հասցուցած է զանոնք։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020