ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) յայտարարած է «COVID-19»ի դէմ պայքարի գծով յոյսի նշոյլներու մասին։ Այսպէս, թէեւ աշխարհի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը հասած է շուրջ 20 միլիոնի, իսկ մահացածներու թիւը կը մօտենայ 750 հազարի, սակայն «COVID-19» համավարակի դէմ պայքարի գծով կան յոյսի նշոյլներ։

«Ձեզմէ շատեր այժմ կը սգան։ Բայց ես կը փափաքիմ յստակութիւն մտցնել. կան յոյսի կանաչ ծիլեր, եւ, անկախ այն բանէն, թէ ո՞ւր կը գտնուի երկիրը, տարածքաշրջանը, քաղաքը կամ աւանը, երբեք ուշ չէ ետ շրջել «COVID-19»ի բռնկումը», ըսած է ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյէսուս։

Կեպրէյէսուս կոչ ըրած է քորոնաժահրի վարակի դէմ պայքարի գծով օրինակ վերցնել այն երկիրներէն, օրինակ՝ Նոր Զելանտան, Ռուանտան եւ Քարիպեան ծովու ու Խաղաղական ովկիանոսի շարք մը կղզի պետութիւններ, որոնք յաջողած են կանխել ժահրի տարածումը տակաւին առաջին փուլին։ «Նոր Զելանտան համաշխարհային օրինակ է, թէ ինչպէս հարկաւոր է պայքարիլ քորոնաժահրի դէմ», ընդգծած է ան։ ԱՀԿ-ի ղեկավարը յորդորած է աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն՝ աշխատիլ, իսկ քաղաքացիներուն՝ պահպանել նոր սահմանափակիչ միջոցառումները: «Իմ կոչը պարզ է բիւրեղի նման. ճնշել, ճնշել եւ մէկ անգամ եւս ճնշել ժահրը», եզրափակած է իր խօսքերը Կեպրէյէսուս: Իսկ նախապէս ԱՀԿ-ի ղեկավարը յայտարարած էր, որ ներկայիս իտէալ միջոց մը գոյութիւն չունի քորոնաժահրի դէմ եւ, հնարաւոր է, այն երբեք չյայտնուի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020