ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՈՍԿԵԱՅ ՏԱՐԲԵՐԱԿ

Աշխարհահռչակ Caviar ընկերութիւնը կը ներկայացնէ iPhone 12 Pro եւ Pro Max բջիջային հեռձայններու ոսկեայ տարբերակները։

Ռուսական-իտալական Caviar ընկերութիւնը, որ կը զբաղի բջիջային հեռձայններու բարձրակարգ դասի յարդարմամբ, սկսած է վերցնել շուտով ներկայացուելիք iPhone 12 Pro եւ Pro Max տեսակներու շքեղ տարբերակի նախնական պատուէրները:

Բաց աստի, Luxury Launches, հեռախօսները պատրաստուած են զուտ ոսկիէ, զարդարուած բարձրակարգ ադամանդներով:

Հեռախօսներու գինը կը սկսի 23 հազար ամերիկեան տոլարէ, իսկ 512 ճիկապայթ տարբերակը կ՚արժէ 24.450 տոլար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020