ՃԻՓՍՈՎ ԵՒ ՀԱՑՈՎ…
Բրիտանուհին հազուադէպ խանգարման պատճառով տասն տարի շարունակ միայն ճիփսով սնուած է։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ բնակչուհի Իզզի Քոուլի մօտ յառաջացած է արտասովոր խանգարում մը, որու պատճառով ան երկար տարիներ միայն ճիփսով եւ հացով կրցած է սնուիլ:
Բաց աստի, հիւանդութեան ախտանշանները սկսած են ի յայտ գալ տակաւին երեք տարեկան հասակին: Ան սկսած էր հրաժարիլ ուտելիքէ, սակայն բժիշկները կը կարծէին, որ աղջիկը ուղղակի կամապաշտ է: Սակայն ժամանակի ընթացքին խանգարումը ա՛լ աւելի խորացաւ:
Քոուլի նշած է, որ ամենէն շատ իր մօտ վախ յառաջացուցած էր հաւու միսը: Անոր խօսքով՝ բժիշկները ուղղակի չէին հասկնար, թէ ինչ պատահած էր իրեն եւ անոր խորհուրդ կու տային ուղղակի ուտել:
Ինչպէս աւելի վերջ պարզուած է, թէ ան ունի սելեքթիվ (ընտրողական) սնունդի ընդունման խանգարում, որու ժամանակ մարդ կրնայ վախ զգալ ուտելիքէն՝ պայմանաւորուած անոր բոյրով, տեսքով կամ գոյնով:
Այդ հիւանդութենէն ձերբազատուած բրիտանուհիին օգնած է, թէեւ խստիւ սահմանափակուած միջոց մը՝ քնէածութիւնը, որու մասնագէտին հետ տեղի ունեցած երկու ժամուան հանդիպումէն յետոյ ան հաւու միսով կարագով հաց եւ մածուն կերած է:
Վախէն ազատուիլը իրական տօնի վերածուած է բրիտանուհիի եւ անոր ընտանիքի համար։