ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ

Աշխարհահռչակ Dior նորաձեւութեան տան ոսկերչական զարդերու գծով տնօրէն Վիքթորիա տը Քասթելէն ներկայացուցած է իր ամենաթարմ աշխատանքը՝ թանկարժէք զարդերու Tie & DIOR հաւաքածոն, որուն մէջ ներառուած նմոյշները կը շողան ծիածանի բոլոր գոյներով:

Հաւաքածոն ստեղծելու ժամանակ Քասթելէն ոգեշնչուած է ներկայիս ամենաոճային եւ արդիական համարուող «թաի-տաի» գունաւորման ձեւով: Թանկարժէք քարերու խայտաբղէտութեան եւ գունային հետաքրքրական համադրութիւններու շնորհիւ Tie & Dior հաւաքածոն «իսկական տօն է աչքի համար»:

Հաւաքածոյի շնորհանդէսը կայացած է Շանկհայի մէջ: Անոնց մէջ ներառուած է հարիւր՝ մէկը միւսէն տպաւորիչ ու շքեղ նմոյշ՝ մանեակներ, ապարանջաններ, օղեր եւ մատանիներ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020