ՊԻԼ ԿԷՅՑԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Ըստ Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյցի, աշխարհ հազիւ երկուքուկէս տարիէն կը յաղթահարէ քորոնա համավարակը։ Այսպէս, Պիլ Կէյց պատմած է, թէ ե՛րբ աշխարհ կը յաղթահարէ քորոնաժահրը։ Կէյցի համաձայն, քորոնաժահրի համավարակը հազիւ կը կանգնեցուի երկուքուկէս տարի վերջ։

«Ես այնպիսի զգացողութիւն ունիմ, որ մենք՝ հարուստ աշխարհը, հիմնականին կը յաղթահարենք այդ համավարակը 2021 թուականի վերջաւորութեան, իսկ աշխարհը ընդհանուր առմամբ կը յաղթահարէ 2022 թուականի վերջաւորութեան», ըսած է Կէյց Wired-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Իբր այդ, միլիառատիրոջ խօսքով՝ համավարակը զգալիօրէն դանդաղեցուցած է մալարիայի, փոլիոմիելիտի եւ ՄԻԱՎ-ի դէմ պայքարի համար դեղամիջոցներու որոնման յառաջընթացը։

«Տարիներ կ՚անցնին, մինչեւ մենք վերադառնանք այն վիճակին, որ կը գտնուէինք 2020 թուականի սկիզբին։ Սա Առաջին համաշխարհային պատերազմը չէ եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմն ալ չէ, բայց բացասական ցնցումներու չափաբաժինները ամբողջ համակարգի համար համադրելի են», նշած է Պիլ Կէյց։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020