ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹ

Մինչ համայն աշխարհ պայքար կը մղէ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, երէկ Մոսկուայէն հասած զգայացունց լուրերը լայն արձագանգ գտան այս առումով։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ քորոնաժահրի պատուաստանիւթը գտած են։ Միջազգային բոլոր լրասփիւռները հրատապ ձեւով արձագանգ հանդիսացան այս իրադարձութեան։ Նախագահ Փութին յայտնեց, որ իր դուստրն ալ պատուաստուած է։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, գիտական աշխարհը մեծ խանդավառութիւն չէ ցուցաբերած այս կապակցութեամբ։ Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդի անդամներն ալ այս փուլին ընդհանուր վերապահութիւն կը դրսեւորեն։ Անոնք կը մատնանշեն, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ունի չափանիշներ եւ որեւէ հետազօտութիւն չի կրնար դուրս գալ այդ կանոններու շրջագծէն։ Խորհուրդի անդամներու խօսքով՝ սա թէեւ լաւ լուր մըն է, սակայն մանրամասնութիւններու կը սպասուին։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնն ալ մեկնաբանեց Փութինի յայտարարութիւնը՝ յիշեցնելով իր կողմէ նախապէս կատարուած զգուշացումները։ Ըստ կազմակերպութեան բանբերին, պատուաստանիւթի աշխատանքներուն թափ տալը չի նշանակեր զիջիլ անվտանգութենէ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը մշտական կապի մէջ է Ռուսաստանի համապատասխան կառոյցներուն հետ։ Աւելի առաջ կազմակերպութիւնը Մոսկուան զգուշացուցած էր, թէ որեւէ պատուաստանիւթ ժողովուրդին մատակարարուելէ առաջ պէտք է զանազան փորձարկումներէ եւ քննութիւններէ անցնի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020