1183 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու շարքին աւելցած են այն հիւանդները, որոնց կացութիւնը կը համարուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ 61 հազար 716 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1183 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 15 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1185։ Ներկայ դրութեամբ 617 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի ծանր։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ ընդգծեց, որ վերջին երեք օրերու ընթացքին 32 տոկոսով նուազած են այն հիւանդները, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են։ Բայց եւ այնպէս, ծանր հիւանդներու թիւը կը շարունակէ բարձրանալ, ինչ որ գործընթացի կարեւորագոյն ցուցանիշներու շարքին կը դասուի։ Ըստ նախարարին, վերջին երեք օրերու ընթացքին ամենաբարձր թիւով նոր դէպքեր արձանագրուած են հինգ քաղաքներու մէջ, որոնք են՝ Իսթանպուլ, Անգարա, Քոնիա, Տիարպաքըր եւ Շանլըուրֆա։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020