ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ

Ի՞նչ կ՚անցնի արդեօք նաւուն մէջ առանձինն նստած այս կնոջ մտքէն… Ժորժ Մուսթաքիի երգը՞. «Երբեք առանձինն չեմ իմ առանձնութեան հետ»։ Գուցէ կը յիշէ Լուի Առակոնի խօսքը. «Երջանիկ սէր չկայ»։ Մարդ առանց սիրոյ դժուար թէ ապրի՝ որքան որ ալ յուսախաբութիւններն ալ ըլլան անխուսափելի, նոյնիսկ բնական։ Առանձնութիւնը կանգ առնելու, շունչ քաշելու պահ մըն է այդ բոլոր հակասութիւններու խաչմերուկին։ Նոյնպէս Մուսթաքիէն մէջբերելով, առանձնութեան մէջ մարդ կը բուժէ ներաշխարհի վէրքերը ու կը թարմանայ, համարձակութիւն կը վերագտնէ՝ դէպի նոր սէր, դէպի նոր ոդիսականներ պարզելու համար առագաստը։ Այլապէս, ժողովրդական իմաստութեան բանաձեւումով, առանձնութիւնը Աստուծոյ բնորոշ է։

Նաւուն մէջ առանձին նստած կնոջ առանձնութիւնը, պարզ է, որ չի խանգարուիր ետեւի ագռաւի ներկայութենէն։ Բնութեան նկատմամբ մարդկութեան դաժան վերաբերմունքին առկայ ծանր հետեւանքները, սակայն, նոյն կէտին վրայ ծնունդ կու տան ուրիշ հարցումի մը. արդեօք կնոջ ներկայութիւնը կը խանգարէ՞ ագռաւը…

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021