ԿԱՐԵՒՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի վերջին բանակցութիւններով նոր հորիզոն մը ուրուագծուեցաւ Երեւան-Մոսկուա ռազմավարական համագործակցութեան առջեւ։ Արշակ Կարապետեան, որ վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, Սերկէյ Շոյկուի հետ ծաւալուն բանակցութիւններ վարեց՝ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնելով նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ իրադրութիւնը։ «Հայաստան պիտի չհանդուրժէ իր սահմանային շրջաններու բռնագրաւումը», ըսաւ Կարապետեան ռուս պաշտօնակցին հետ տեսակցութեան ընթացքին։ Կարապետեան-Շոյկու հանդիպման զուգահեռ յայտարարուեցաւ, որ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին սպառազինութեան մատակարարման գործընթացը սկսած է։ Ըստ Շոյկուի, Ռուսաստան պատրաստ է Հայաստանի զինեալ ուժերու արդիականացման համար օգնութիւն ցուցաբերելու։

Երկու պաշտպանութեան նախարարներու վարած բանակցութիւններուն զուգահեռ շրջանառութեան մէջ մտած են նաեւ բազում մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց, Ռուսաստան պիտի փորձէ հայկական բանակի արդիականութիւնը հասցնել իր իսկ բանակի մակարդակին։ «Նեզավիսիմայա Կազեթա» յայտնի ռուսական լրատուամիջոցը այս փուլին նշած է, որ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ սահմանային խնդիրներու ռազմական լուծման։ Այլ վերլուծաբաններ այս փուլին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին։ Այսպէս, ըստ կարգ մը մեկնաբանութիւններու, Պաքու առկայ իր գործողութիւններով հետամուտ է ոչ այնքան ճնշում գործադրելու Երեւանի վրայ, այլ կը ձգտի պատգամներ յղել Մոսկուային։

Արշակ Կարապետեան Մոսկուայի մէջ ընդգծեց, որ ներկայիս հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները կը գտնուին աննախադէպ բարձր մակարդակ տեղափոխուելու փուլին մէջ։ Արդարեւ, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները շարք մը կարեւոր համաձայնութիւններու հասած են համագործակցութեան ապագայ ծրագրերուն շուրջ։ Իր կարգին, Սերկէյ Շոյկու ըսաւ. «Հայաստան Ռուսաստանի դաշնակիցը եւ առանցքային գործընկերն է Անդրկովկասէ ներս խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ եւ մենք չափազանց հետաքրքրուած ենք այդ տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան պահպանմամբ»։ Շոյկու աւելցուց, որ Ռուսաստան պիտի շարունակէ առաւելագոյն ջանքեր գործադրել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէն ներս ստեղծուած իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման համար։

Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Արցախէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։ Երկու պաշտպանութեան նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ալ ունեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ապահովման ուղղեալ խնդիրներու շուրջ։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Պաքուէն կատարուեցան բաւական զարմանալի յայտարարութիւններ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդեց, որ Հայաստան կը խախտէ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւնները եւ Արցախի մէջ կը կուտակէ նոր զօրքեր։ Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց այդ յայտարարութեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացայայտ կեղծիք համարեց Ատրպէյճանի պնդումները, ըստ որոնց եռակողմանի յայտարարութիւնը կը նախատեսէ հայկական զօրամիաւորումներու Արցախէն դուրս բերուիլը։ Դիւանագիտական հարթութեան վրայ ստեղծուած բանավէճին առընթեր, Պաքու կը շարունակէ սահմանի պարագային որդեգրած մտահոգիչ ընթացքը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ արձագանգ հանդիսացան հերթական դէպքերուն։ Այսպէս, 15.30-20.00-ին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական սադրանքը իրականացուցած են՝ զանազան տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներով կրակ բանալով սահմանի Երասխի հատուածի հայկական դիրքերուն վրայ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն վերջ կրակը դադրած է եւ հայկական կողմէն դէպքերուն հետեւանքով տուժածներ չեն եղած։ Ժամը 23.00-ի դրութեամբ սահմանի վրայ յարաբերական կայունութիւնը վերահաստատուած է։

Ատրպէյճանի բանակի սադրանքները երէկ շարունակուեցան նաեւ Արցախի ուղղութեամբ։ Այսպէս, օրուայ առաջին կէսին Ատրպէյճան հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր արձակեց դէպի Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերը։ Հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած։ Դէպքին կապակցութեամբ համապատասխան տեղեկութիւն եւ փաստեր տրամադրուած են ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021