ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ՝ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ քորոնաժահրի համաճարակին վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Այս նիւթը պիտի ծեծուի նաեւ յառաջիկայ երկուշաբթի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախատեսուած կառավարութեան ժողովին ժամանակ։ Այսպէս, Նախարարաց խորհուրդը պիտի արժեւորէ երես-երեսի ուսուցման անցում կատարելու հարցին զանազան երեսակները։

Նիստին ընդառաջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ կրկնեց երկրի քաղաքացիներուն ուղղեալ կոչը, որպէսզի անոնք պատուաստուին։ «Մենք կը փափաքինք, որ մեր հասարակութիւնը ամբողջութեամբ պատուաստուի։ Անոնք, որոնք չեն պատուաստուած, շատ աւելի ծանր կ՚անցընեն այս հիւանդութիւնը», ըսաւ Էրտողան։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ երէկ յայտնեց, որ երես-երեսի ուսուցումը պիտի սկսի եւ բոլոր վարժարանները ժամանակին պիտի բացուին։ Ըստ նախարարին, չպատուաստուած ուսուցիչ պիտի չմնայ։ «Պատուաստը ո՛չ թէ նախընտրութիւն մըն է, այլ՝ հաւաքական պարտականութիւն մը», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021