ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ 6-ՐԴ ԿԷՏԸ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներուն Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը ոչինչ կ՚ըսէ Արցախի հակամարտութեան մասին: Պարզ է, սակայն, որ քննարկումներ եղած են Ուքրայնայի պատերազմին շուրջ եւ յատկապէս թրքական միջնորդութեան՝ ո՛չ միայն հրադադարի, այլեւ հացահատիկի համաշխարհային տագնապի լուծման, Լիպիոյ մէջ թրքական գործօնին վերաբերեալ խնդիրներուն եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն առընչութեամբ:
Մեծ օրակարգը երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան նոր թափ տալն է: Թուրքիա՝ տնտեսական տագնապի եւ աննախընթաց սղաճի պայմաններուն մէջ, իսկ Ռուսաստան՝ մեկուսացման եւ տնտեսական պատժամիջոցներու ենթակայ. շահերու բուն համընկնումը այս գիծին վրայ է եւ այդ մէկէն կը բխին նաեւ անվտանգային հարցեր:
Պէտք չէ բացառել, սակայն, այն վարկածը, թէ այս համագործակցութեան խորացումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու թոյլտուութիւնը ունի, այսինքն կը վերահսկուի Ուաշինկթընի կողմէ եւ Անգարա ինքնուրոյն չի կրնար ստանձնել միջնորդի դեր Ուքրայնայի պատերազմին մէջ, աշխարհը հարուածած տնտեսական տագնապի լուծման կամ Մոսկուայի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը հակակշռողի դեր: Այլ խօսքով, Թուրքիան ստանձնած է Տրովադայի ձիու կարգավիճակ ռուսական դաշտին մէջ՝ համագործակցութեան խորացման տեսքով: Ի վերջոյ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծ ուժը համարուող պետութիւնն է եւ ռազմավարական գիծերը հատելու եւ չհատելու կանոնները ստիպուած է յարգել:
Մեկուսացուող Ռուսաստանի Թուրքիայէն յաւելեալ կախուածութիւնը արձանագրած է Սոչիի հանդիպումը։ Ուրեմն զայն կարելի է դիտարկել նաեւ այս տրամաբանութեան մէջ: Այս տրամաբանութիւնը կրնայ ուրուագծել Ռուսաստանի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութենէ մը տնտեսապէս կախեալ ըլլալու իրականութեան հաւանականութիւնը: Փաստօրէն, ամենէն ուշագրաւ համաձայնութիւնը տնտեսական համագործակցութեան ճանապարհային քարտէսն է, որ նախատեսած է յատկապէս ռուսական ուժանիւթի արտահանման համար թրքական շուկայի տրամադրումը, տարանցիկութիւնն ու դրամատնային համապատասխան հաշիւներու բացումը, այլ խօսքով՝ Ռուսաստանի տնտեսական ապաշրջափակման դէմ կարեւոր ելքեր տրամադրելը:
Այս բոլոր առաջնահերթութիւններէն ետք, նոյն տրամաբանութեամբ փորձենք դիտարկել մեր տարածաշրջանին հետ կապուած երկու պետութիւններու յաւելեալ մերձեցման հաւանական հետեւանքները: Այս խորացող համագործակցութիւնը միայն տնտեսական բնոյթ չի կրեր։ Անշուշտ, անվտանգութեան խնդիրներ՝ Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Ափրիկէ, օրակարգային կէտեր եղած ըլլան Սոչիի մէջ ամենայն հաւանականութեամբ:
Պահենք վերը նշուած քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ շարունակենք Անգարան ընկալել Ուաշինկթընի կողմէ ուղարկուած Տրովադայի ձիու կարգավիճակով: Պարզ է, որ Անգարան այս բոլորին դիմաց կ՚ակնկալէ Հարաւային Կովկաս զինուորական յաւելեալ թափանցումը: Աղտամի մէջ թրքական դիտորդական-խաղաղապահական ստորաբաժանումը շատ սահմանափակ է Անգարայի ախորժակներուն համեմատ:
Ուրեմն, պէտք է աւելի դիւրաբեկել Արցախի շփման գիծերուն վրայ հաստատուած հրադադարը, դիմել ռազմական գործողութիւններու եւ փաստել, որ ռուսական խաղաղապահութիւնը առանձինն ի զօրու չէ երաշխաւորելու հրադադարը: Անհրաժեշտ է ձեւաչափի փոփոխութիւն: Այս անհրաժեշտութիւնը դուռ կը բանայ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ ուժին Հարաւային Կովկաս զինուորապէս թափանցելուն: Մոսկուան մեծ գործարքներու հաշուոյն կրնայ զիջիլ այս պահանջին դիմաց իր ռազմավարական գործընկերոջ, որուն հետ Սոչիի մէջ գծած է համատեղ ճանապարհային քարտէս:
Այս հանգամանքները նկատի պէտք է ունենար Հայաստանի վարչապետը՝ նախքան խաղաղապահ առաքելութեան ձեւաչափի միջազգային փոփոխութեան կամ յաւելեալ լիազօրութիւններու մասին ակնարկելը։ Աւելի ակնկալելի էր, որ այդ ակնարկը կատարուէր Պաքուէն՝ Անգարան ներգրաւելու առաջադրանքով:
Ներկայ իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ Տրովադայի ձին թրքական զօրախումբերու տեսքով կրնայ մտնել Հարաւային Կովկաս, թէկուզ խաղաղապահ միացեալ առաքելութիւն մը իրականացնելու առաջադրանքով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի