ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉԻ ԵՒ ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՈՒԹ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է 500 ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի կողմերու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի անմիջական շփումներով։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ շուրջ ութ ամիսէ ի վեր աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան ցայսօր երես երեսի չորս հանդիպում ունեցած են, նաեւ անոնց միջեւ 500 հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է։ Այս խտացեալ կապը Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ ապահոված է ձիւնահալ։ Թերթը կը գրէ, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը արդէն նոր փուլ մը թեւակոխած է։ Ըստ Սելչուք Պէօքէի ստորագրութեամբ «Հիւրրիյէթ»ի մէջ լոյս տեսած լուրին, բնականոնացման գործընթացի այս նոր փուլը կ՚ենթադրէ կողմերու պատկան մարմիններու միջեւ թեքնիք նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ։ Այսպէս, սեպտեմբերի սկիզբին երկու երկիրներու Արտաքին գործոց, Առեւտուրի եւ Հաղորդակցութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպում մը պիտի ունենան։ Այս առթիւ աչքէ պիտի անցըուին բնականոնացման գործընթացի ծիրէն ներս առնուած քայլերու թեքնիք երեսակները։ Այս բոլորին հիմք կը հանդիսանայ Քըլըչ-Ռուբինեան բանակցութիւններուն ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որպէսզի երկու երկիրներու միջեւ ուղղակի օդային բեռնափոխադրութիւն սկսի եւ ցամաքային սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Ուստի, այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ թեքնիք կարգադրութիւնները կեանքի կոչելու համար ճանապարհային քարտէս մը պիտի ստեղծուի։ Սեպտեմբերին նախատեսուած ժողովին վայրը տակաւին չէ ճշդուած։ Թերթը կը գրէ, որ երկու յատուկ ներկայացուցիչներու մարդկային յարաբերութիւնները շատ լաւ վիճակի մէջ են եւ անոնց միջեւ մշակուած է շատ անկեղծ ու բարեկամական երկխօսութիւն մը։ Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու վկայութիւններուն հիման վրայ այս բոլորը հաղորդած է թերթը, ըստ որու հեռախօսազրոյցներու ընթացքին Ռուբինեան թրքերէնով կ՚ողջունէ Քըլըչը։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը մատնանշէ, որ Սերտար Քըլըչ դժուար առաքելութիւններու անձ մըն է եւ այդպիսի առաքելութիւնները միշտ յաջողութեամբ գլուխ հանած է։ Թերթը դրուատալի ակնարկութիւն ունեցած է նաեւ Ռուբէն Ռուբինեանի մասին՝ մասնաւորապէս ընդգծելով անոր երիտասարդ քաղաքական գործիչ մը ըլլալու հանգամանքը։
«Հիւրրիյէթ»ի լրատուութեան մէջ տեղ տրուած է նաեւ Անգարայի բարձրաստիճան իրաւասուներու արժեւորումներուն՝ այս գործընթացին շուրջ։ Այսպէս, ըստ էութեան, այժմու գործընթացը ուղղուած է կողմերու միջեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման։ Արդարեւ, ամենասկիզբին մեծ սպասումներ արտայայտելու եւ մեծ յուսախաբութիւններու ենթարկուելու ռիսքին փոխարէն՝ կողմերը համախոհ գտնուած են քայլ առ քայլ ընթանալու ուղղութեամբ։ Ներկայիս աշխատանք կը տարուի բազմաթիւ քայլերու վրայ, որոնց նպատակն է ամրապնդել փոխադարձ վստահութիւնը։ Այս բոլորը կ՚ընդգրկէ նաեւ մարդկային չափումով նախազգուշական միջոցներ։ Մասնաւորապէս շեշտուած է, որ սահմաններու բացման հարցին շուրջ անհրաժեշտ կրնայ դառնալ գործընթաց մը, որ աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի։ Դաշտի վրայ ֆիզիքական պայմաններն ալ պէտք է ըլլան նպաստաւոր։ Երկու երկիրները իրարու կապուած են Ալիճանի կամուրջով, որ ունի 178 մեթր երկարութիւն։ Ուստի, պէտք է պարզուի, որ այս կամուրջը ունի՞ օթոպիւսներ կրելու կարողութիւնը, թէ ոչ։ Այս եւ նման քննութեան կարօտ լեցուն հարց գոյութիւն ունի։ Անցեալին ռուս զինուորներու կողմէ կառուցուած Մետաքսի ճանապարհի կամուրջի վերականգնումն ալ կը դասուի այն միջոցներու շարքին, որոնք կրնան լրջօրէն ամրապնդել փոխադարձ վստահութիւնը։