ԱՐԴԵՕՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՈՒՇԱՑԱ՞Ծ ԵՆ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐԸ
Ռուսական կողմին վերջին օրերուն կատարած յայտարարութիւնները քաղաքական նոր տեղաշարժերու մասին կը խօսին: Առաջին անգամն է, որ ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներ բացայայտ կերպով կը յայտարարեն, որ Մոսկուա ոչ միայն Սուրիոյ ազգային բանակին զէնքեր կը տրամադրէ, այլ նաեւ ռուս զինուորներ երկար ժամանակէ ի վեր հոն կը գտնուին եւ կը մարզեն երկրի ազգային բանակի զինուորները: Այս յայտարարութիւններուն արգասիքը կը համարուին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովին ըրած յայտարարութիւնները, երբ ռուս դիւանագիտութեան պետը ըսած է, թէ իրենց Սուրիոյ բանակին հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութիւնը նոր չէ: Իր կարգին, Լաւրովի ամենէն երեւելի օգնական համարուող Միխայիլ Պոկատնով նշած է, որ իրենք Սուրիոյ մէջ համատեղ ճիգեր կ՚իրականացնեն պայքարելու համար ահաբեկիչներուն դէմ:
Այս յայտարարութիւնները ոչ միայն անականկալ կը համարուին արեւմտեան աշխարհին համար, այլ մանաւանդ ամերիկեան գերատեսչութեան մի քանի պատասխանատուներ զարմանք յայտնելէ անդին խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն:
Հակառակ Ռուսաստանի զուցաբերած բացայայտ օժանդակութիւններուն, Սուրիոյ տագնապին ուղղութեամբ զինուորական գետնի վրայ երկրի ազգային բանակը նոր նահանջներու մէջ է: Այսպէս, Իտլիպի մէջ իշխանութեան վերջին կայանը համարուող «Ապու Ալ Զուհուր» օդակայանը կ՚իյնայ ընդդիմադիր ջոկատներու եւ յատկապէս «Ժապհաթ Ալ Նըսրա»ին ձեռքը: Ըստ «Րէօյթըրզ»ի, ընդդիմադիրները յաջողած են բանակէն առգրաւել մեծ քանակութեամբ զինամթերք եւ զինուորական տասնեակ կործանիչներ: Թէեւ կործանիչներու պիտանիութեան մասին տեղեկութիւններ չկան, սակայն ընդդիմադիր տարբեր աղբիւրներ մեծ յաղթանակ կ՚որակեն եղածը: «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ISIS) ահաբեկչական խմբաւորման ջոկատներ իրենց կարգին ծանր մարտեր կը մղեն Տէր Զօրի մէջ: ISIS տեղւոյն ցեղախումբերուն դէմ մղուող մարտերով նպատակ ունի գրաւել Տէր Զօրի զինուորահան օդակայանը, այդ-պէսով Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի միջեւ օդային կապ ստեղծելու նպատակով:
Ուրեմն ընթացող վերջին զարգացումները Սուրիոյ իշխանութիւններուն համար բարենպաստ չեն: Կը խօսուի նաեւ, որ ռուսական բացայայտ օժանդակութիւններէն ետք Սուրիոյ ազգային բանակը նպատակ դրած է «մաքրագործել» Դամասկոսի գիւղական հատուածները, այդպէսով իշխանութեան սիրտը համարուող մայրաքաղաքի ապահովական հիմնական գօտին ընդլայնելու համար: Թէեւ այս խնդիրը բաւականին դժուար իրագործելի եւ բարդ գործ մը կրնայ ըլլալ, բայց ռուսական զէնքին գործօնը կրնայ փոխել ընդհանուր տեսարանը:
Դիւանագիտական գետնի վրայ Իրանի հետ կատարուած դիւանագիտական նախնական քայլերով եւրոպացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ սկսած են բացայայտ կերպով խօսիլ՝ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններու սեղանին նստելու մասին: Այս յայտարարութեանց ամենէն ուշագրաւը Սպանիոյ Արտաքին գորոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Կարսիա Մարկայոյի Թեհրանի մէջ կատարած բացայայտումն է: Սպանացի դիւանագէտը, որ առանց խուսանաւելու խօսած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն կատարած բռնութիւններուն շուրջ եւ դատապարտած է զանոնք՝ ըսած է, որ Սուրիոյ հարցի լուծման հիմնական բանալին կը գտնուի Թեհրանի եւ Մոսկուայի մօտ: Սպանացի պատասխանատուին կարծիքով՝ Սուրիոյ իշխանութիւնները եւս պէտք է մաս կազմեն արիւնալի տագնապը քաղաքական հունի մը մէջ դնելու ընդհանուր գործընթացի մը: «Շատ յաճախ պիտի ստիպուիս նստիլ եւ խօսիլ թշնամիիդ հետ: Ու ես վստահ եմ, որ յաւիտենական թշնամիներ չկան: Այս հանգրուանին մենք կոչուած ենք ներգրաւել Սուրիոյ իշխանութիւնները, որպէսզի արիւնէն դուրս բերենք երկիրը», ըսած է Մարկայօ:
Փարիզ եւ Լոնտոն մինչ նման «անսպասելի» յայտարարութիւններ չեն ըներ, բայց երկու մայրաքաղաքները «կը յոխորտան», որ իրենք եւս սկսած են մասնակցիլ ISIS-ի դէմ ընթացող գործողութիւններուն: Անոնք կը պահեն իրենց «դիւանագիտական համրութիւն»ը եւ հրապարակը բաց կը ձգեն աւստրիացի եւ սպանացի դիւանագէտներուն, որոնք յատկապէս Թեհրանէն կը հնչեցնեն անցեալին անընդունելի համարուած ու քիչ մը զարմանք պատճառող խօսքեր:
Եւրոպան կը թեքի: Կը թեքի Սուրիոյ ուղղութեամբ: Կեցուածք կը փոխէ, նոր դիմակ կը դնէ կամ իր դրած դիմակը կը պատռէ: Արեւմուտքը մեծ տագնապի առջեւ է, պարզ անոր համար, որ Սուրիոյ մէջ մինչեւ այս պահը բացի Նախագահ Պեշար Էսատէն, այլ վստահելի բանակցային կողմ մը չկայ: Որո՞ւ հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ տագնապը: Արեւմուտքին համար ամենէն վտանգաւոր թշնամին արմատական կողմերն են: Ու բացի այդ, դէպի Եւրոպա «ցամաքահանում» կատարող սուրիացի հազարաւոր գաղթականներ կրնան նոր տագնապներու դուռ բանալ: Այս առումով ուշագրաւ է արաբ կարգ մը դէտերուն ըրած դիտարկումները այն մասին, թէ սուրիացի գաղթականները ոչ միայն մարդկային ծանր իրավիճակէն խոյս կու տան, այլ չի բացառուիր, որ անոնք սուրիական տագնապը իրենց հետ «տեղափոխեն»: Այս տուեալներուն հիման վրայ է նաեւ եւրոպական ընդհանուր կեցուածքին փոփոխութիւնը: Հազարաւոր գաղթականներու առջեւ սահմաններ փակելու քաղաքականութիւնը յաւելեալ ամօթ պիտի ըլլայ քաղաքակրթութեան անունով հանդէս եկող այդ երկիրներուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ անոնց մեծաթիւ հոսքը Եւրոպայի «քունը պիտի խանգարէ»:
Բացի այդ, եւրոպական կողմը սուրիական տագնապին առընթեր կարեւոր «քաթալիզէօր» մը կը փնտռէ: Այդ գործը կատարելու ունակութիւնները կը գտնուին միայն մէկ հոգիի՝ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի մօտ: Իրանցի թիւ մէկ պատասխանատուն (բնականաբար Իրանի յեղափոխութեան Այեթուլլահէն ետք) Աւստրիոյ Նախագահ Հանս Ֆիշէրի հետ Թեհրանի մէջ մամլոյ համատեղ ասուլիս մը սարքելու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով խօսած է Սուրիոյ վերաշինութեան մասին։ «Ապահով Սուրիոյ մը վերահաստատումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին համար», շեշտադրած է ան: Ռուհանի նաեւ նշած է Սուրիացի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը եւ Պեշար Էսատի մասնակցութեան կարեւորութիւնը յառաջիկայ որեւէ լուծումի գործընթացի մը: Եթէ հարկ ըլլայ Ռուհանիի համար դժուար «հաճոյք» մը չէ Ռիատ հասնիլ ու բանակցիլ սէուտցիներուն հետ:
Բայց այս գործընթացները կրնան պատահիլ միայն, եթէ Ռիատ դրական նշաններ ցոյց տայ եւ կառուցողական լեզուով մը խօսի: Ռիատ զբաղած է Եէմէնի պատերազմով ու բնական է, որ իր Ծոցի դաշնակիցները եւս այդ ուղութեամբ պիտի քալեն: Ուրեմն ներկայ հանգրուանը եւս սպասման ժամանակահատուած մըն է:
Վերադառնալով ռուսական կողմին, Սուրիոյ մէջ վերջին օրերուն քննարկման առարկայ դարձած հաւանական միջամտութեանց մասին պէտք է կարեւորել Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Տիմիթրի Փիսքովի ըրած յայտարարութիւնները: Փիսքով առանց խուսափելու ըսած է, որ իրենց համար Սուրիոյ մէջ գոյութիւնը նորութիւն մը չէ եւ չխօսելով հանդերձ ռուս զինուորականներու յստակ թիւին մասին՝ ան դիտարկած է նաեւ, որ ռուս մասնագէտ սպաներ երկար ատենէ ի վեր կը գտնուին Սուրիոյ մէջ, ուր տեղակայուած են «բարձր յանձնարարութիւններ» կատարելու համար: Այդ յանձնարարութիւններու ծիրին մէջ կ՚իյնայ անշուշտ երկրի բանակին զինուորական մարզումներ ընելու գործը: Այս առումով արաբական աղբիւրներ կը խօսին Լաթաքիոյ մէջ ռուս սպաներու համար պատրաստուած բնակարանային համալիրներու եւ կեդրոնատեղիներու մասին: Ռուսական ուժերու այս տեղաշարժը աննախընթաց է, եւ իբր այդ ալ, խնդրին վերաբերեալ արեւմտեան աշխարհին բացայայտ մտահոգութիւնը:
Այս տեղաշարժերուն եւ Լաւրովի կողմէ բացայայտուած «օդային կամուրջ»ի աշխատանքները պիտի երկարին յառաջիկայ երկու ամիսներուն ու հակառակ անոր, որ Պուլկարիա կոպիտ յայտարարութեամբ մը արգելք կը դնէր ռուսական օդանաւերու իր սահմաններէն անցնելուն (անցնիլ միայն օդանաւերը քննութեան ենթարկելէ ետք), անդին Աթէնք եւ Թեհրան համաձայնութիւն կու տային ռուսական օժանդակութիւններուն դէպի Սուրիա օդային ճանապարհներով ներհոսքին:
Մինչեւ այս պահը ռուսական կողմը փոխանցուելիք օժանդակութիւնները կ՚անուանէ մարդասիրական, սակայն այդ մէկը միամիտ մօտեցում մըն է, որովհետեւ խնդրին շուրջ բարձրացուած արեւմտեան աղմուկը հիմնուած է գաղտնի սպասարկութիւններու կազմած տեղեկագիրներուն վրայ:
Սուրիոյ ընդդիմութիւնը եւս մօտէն կը հետեւի այս դէպքերու շղթային ու սիւննի աշխարհի ամենէն արմատական եւ Քաթարի ու Ռիատի հովանին վայելող «Ալ Նըսրա» ճակատը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է. «Մենք ռուսերուն կը սպասենք: Բարի եկան: Սուրիան պիտի դառնայ անոնց գերեզմանը»: Այս տիպի յայտարարութիւնը բաւական մտահոգիչ պէտք է ըլլայ ռուսական կողմին համար, որ սակայն կը շարունակէ մնալ անդրդուելի: Հարցումը այս հանգրուանին արդեօք տեղի՞ն է ռուսերու այս ուղղակի միջամտութիւնը եւ զինուորական դաշտ իջնելու որոշումը: Արդեօք այդ մէկը սուղ պիտի արժէ՞ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Հարցերուն պատասխանները կը կարօտին երկար ժամանակի, սակայն մէկ բան ակներեւ է, որ Սուրիոյ ուղղութեամբ ռուսական զինուորական քայլեր կատարելու բոլոր փորձերը բաւական ուշացած են:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան