ԹՈՒՐԷՔԵԱՆ ԿՈՉՈՒԱԾ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆԻ
Ամերիկահայ գիտնական Վոն Թուրէքեան նշանակուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Թուրէքեանի պատասխանատուութեան շրջագծին մաս պիտի կազմեն բնապահպանութեան, գիտութեան, փորձագիտութիւններու եւ առողջապահութեան բնագաւառները, որոնք ազդեցութիւն կը գործեն Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան վրայ։
«Պարոն Թուրէքեան պիտի նպաստէ գիտութեան, փորձագիտութիւններու քաղաքականութեան զարգացման, որոնք անքակտելի մասն են ամերիկեան դիւանագիտութեան», ըսուած է ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ։
Այս պաշտօնին նշանակուելէ առաջ Վոն Թուրէքեան կը վարէր Գիտութեան զարգացման ամերիկեան ընկերակցութեան (AAAS) միջազգային յարաբերութիւններու գծով տնօրէնի պաշտօնը։
Հարկ է նշել, որ Վոն Թուրէքեան որդին է ԱՄՆ-ի հեղինակաւոր գիտական կառոյցներէն Եէյլի համալսարանի քիմիագէտներէն Քարլ Թուրէքեանի։ 2000 թուականին ան դասախօսած էր Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի երդիքին տակ։