ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Մշակոյթի եւ մետիայի գծով նախարար Ճոն Ութինկտէյլի հետ։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս կը գլխաւորէր Հայաստանի հետ բազմակուսակցական բարեկամութեան խումբը։ Ուստի, Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր կողմէ գործադրուած ջանքերուն համար՝ խորհրդարանական կապերու զարգացման ուղղութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ մշակութային բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն։ Երկուստեք շեշտուեցաւ Անգլիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ներկայացման կարեւորութիւնը։ Նոյն համատեսքին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ համատեղ ծրագրերու իրականացման։
Լոնտոնի մէջ Նալպանտեան այցելեց նաեւ Անգլիոյ խորհրդարանը, ուր տեսակցեցաւ Լորտերու պալատի անդամներէն Քերըլայն Քոքսի եւ Հենրի Հարիսընի հետ։