ԿԱՐԷՆ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան վերջերս Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց մեր պատուակալ աշխատակից Սագօ Արեանը։ Երկար տարիներ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարած Կարէն Միրզոյեան այս առթիւ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Տեսակցութեան ընթացքին Միրզոյեան յայտնեց, թէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը սպառնալիք մըն է ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն համար, այլ՝ համայն աշխարհի տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ Կարէն Միրզոյեան յոյս յայտնեց, թէ Կովկասի երկիրները կը գիտակցին պահու լրջութեան եւ տարածքաշրջանի դժուարութիւններուն ու կը գործեն ըստ այդմ։
Երկուշաբթի պիտի ներկայացնենք Կարէն Միրզոյեանի հետ կատարուած այս տեսակցութիւնը։