ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԱՒԱՆ
Երէկ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Երեւանի մէջ կառուցուող ողիմպիական աւանի տարածքը։ Հարկ է նշել, որ այս համալիրին կառուցման ու յարդարման աշխատանքները արդէն հասունցած են բաւականաչափ։
Հայաստանի Ողիմպիական ազգային կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի ուղեկցութեամբ Սերժ Սարգսեան այցելեց ողիմպիական աւան, որ կը կառուցուի մայրաքաղաքի արուարձաններէն Դաւթաշէնի մէջ։ Ան ծանօթացաւ շինարարութեան ընթացքին եւ շուրջ 7500 քառակուսի մեթր մակերեսի վրայ աւելի քան 300 մարզիկի համար նախատեսուած մարզախարիսխէն ներս ստեղծուած պայմաններուն։ 2013 թուականին ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքները այս ամսավերջին արդէն պիտի հասնին իրենց աւարտին։ Յառաջիկայ շրջանին այս նոյն համալիրին մէջ պիտի տեղակայուի նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի աշխատակազմը։
Մարզախարիսխէն ներս շրջայցի ընթացքին Սերժ Սարգսեանին ներկայացուեցան զանազան մարզաձեւերու դահլիճները, անոնց հնարաւորութիւնները, մարզական բժշկութեան եւ հակատոփինկային ծառայութեան կեդրոնները։ Պատասխանատուները տեղեկացուցին, թէ այս ողիմպիական աւանը պիտի ունենայ մարզումներու համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։ Բացի մասնագիտացեալ դահլիճիներէն, այս խարիսխէն ներս պիտի գտնուին նաեւ լողաւազան, բացօթեայ մարզահրապարակներ եւ խաղահրապարակներ։ 320 հոգի տարողութեամբ հիւրերու յատուկ իջեւանման շէնք մըն ալ կ՚ընդգրկէ այս համալիրը, որ կը համապատասխանէ միջազգային բոլոր չափանիշներուն։