ԱՌԷՆ ԷՄՐԻԿԵԱՆ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ամերիկահայ 7-ամեայ Առէն Էմրիկեան, որ կը բնակի Շիքակօ, դարձած է ճատրակի աշխարհի ախոյեան մինչեւ 8 տարեկան երեխաներու տարիքային խումբին մէջ:

«7-ամեայ Առէնը Սեպտեմբեր 1-ը դիմաւորեց որպէս աշխարհի ախոյեան: Էմրիկեան 11 խաղի մասնակցած է եւ կրցած է բոլորէն մեծ թիւով միաւորներ հաւաքել աշխարհի ախոյենութեան, որ տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ», կը յայտնէ Chicago Tribune-ը:

Պարբերականը կը նշէ, որ Առէնը սկսած է ճատրակ խաղալ իր մայրիկին շնորհիւ, որ նկատած է, թէ երեխան հակում ունի այդ մարզաձեւին հանդէպ:

«Ես ամէն օր մէկուկէս ժամ փորձ կ՚ընէի: Մայրիկս արդէն միշտ կը պարտուի ինձմէ, իսկ հայրիկիս հետ խաղալը աւելի հետաքրքրական է: Ես կրնամ 4-5 քայլ առաջ մտածել եւ չեմ սիրեր պաշտպանուիլ: Յարձակման դիմելով խաղս աւելի յաջող կ՚ընթանայ», ըսած է Առէնը ամերիկեան պարբերականին:

Մանուկ ախոյեանը այժմ յամառօրէն կը մարզուի եւ կը պատրաստուի յաջորդ մրցումներուն: 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017