ՍՏԵՂԾԵԼ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ առարկայական բանակցութիւններու վերսկսման համար նախ պէտք է վերականգնուի բանակցային գործընթացի միջավայրը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանէ ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Աշոտեան ըսաւ. «Երբ կ՚ըսենք բանակցային գործընթացի միջավայր՝ նախ նկատի ունինք Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններու լիակատար իրականացումը՝ համապատասխան դրութիւններու հաստատումը»։ Աշոտեանի խօսքերով՝ այդ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը անհրաժեշտ պայման է, որպէսզի ստեղծուի այն արժանահաւատ, անվտանգային, ռազմական գործողութիւններն ու բախումները, սադրանքները կանխող միջավայրը, ինչը հնարաւորութիւն պիտի տայ շարունակել առարկայական քննարկումները այն նախագծին շուրջ, որ ներկայացուած է միջնորդներուն կողմէ։