ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՃԱՆԵԼԻԾԷ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆ

Վրաստանի Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեսակցեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին հետ։ Նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ վերջին տարիներուն զգալի զարգացում կ՚ապրին երկու հարեւան ու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ կողմերը կարեւորեցին արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներդրումը Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան ու Ճանելիծէ քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կառոյցներու շրջանակներէ ներս համագործակցութեան, միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն, առեւտրատնտեսական կապերուն, փոխադրութեան ենթակառուցուածքներուն, նաեւ համագործակցութեան ուժանիւթի, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Կարեւորուեցաւ իրաւապայմանագրային դաշտի առաւել ընդլայնումը։

Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան նաեւ վրացահայ համայնքի առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային ու միջազգային շարք մը հրատապ խնդիրներու շուրջ։ Նալպանտեան Ճանելիծէին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղեալ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու համատեղ ջանքերը։

Օրուան տեւողութեան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ տեսակցեցաւ Ճանելիծէի հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան զանազան ոլորտներէ ներս հայ-վրացական համագործակցութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղեալ ծրագրերուն՝ այդ ամբողջին մէջ քննարկելով բարձր մակարդակի վրայ ապահովուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքը։ Նախագահ Սարգսեան կարեւորեց յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք լաւ հնարաւորութիւն կը հանդիսանան քննարկելու համար համագործակցութեան ընթացիկ վիճակն ու անդրադառնալու յարաբերութիւններու խորացման նոր հնարաւորութիւններուն։

Հանդիպման սկիզբին Միխէյիլ Ճանելիծէ երախտագիտութիւն յայտնեց բարեկամ Հայաստանին՝ վերջերս Վրաստանի Պորժոմի շրջանէն ներս ծագած անտառային խոշոր հրդեհի մարման ժամանակ ցուցաբերուած զգալի աջակցութեան համար։

Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններէն եւ միջազգային կառոյցներու շրջանակներէն ներս հայ-վրացական համագործակցութենէն, Սերժ Սարգսեան եւ Միխէյիլ Ճանելիծէ քննարկեցին բազմակողմանի ձեւաչափով յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային արդի խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ, նաեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017