ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ
Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ դէմ խմորումները կը շարունակուին ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ Ծովու յատակի բնական պաշարները արդիւնահանելու համար վերջին շրջանին համագործակցութիւն մը կը հասուննայ Յունական Կիպրոսի, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ։ Մինչ Թուրքիա ահազանգ կը հնչեցնէ այդ բոլորին դէմ, այդ համագործակցութեան արդէն միացած է նաեւ Սէուտական Արաբիան։ Այսպէս, Ռիատի ղեկավարութիւնը առաջին անգամ մշտական դեսպան մը նշանակեց Յունական Կիպրոսի մէջ։ Բաց աստի, Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Էլ-Ասսաֆ առաջին անգամ այցելեց Յունական Կիպրոս, ուր հիւրընկալուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Նիքոս Խրիստոտուլիսի կողմէ։ Իպրահիմ Էլ-Ասսաֆի առընթեր, երէկ Եգիպտոսի Պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Զեքին ալ այցելեց Յունական Կիպրոս, ուր ընդունուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Սավվաս Անկելիտիսի կողմէ։ Այս երկու նախարարներու նոյնաժամանակ այցելութիւնը քաղաքական մեկնաբաններու կողմէ կը համարուի յատկանշական։ Տեղական մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ սոյն իրադարձութիւններուն։
Նիքոս Խրիստոտուլիս երէկ յայտարարեց, որ տարածքաշրջանէ ներս Թուրքիոյ գործունէութիւններուն դէմ ապահոված են Սէուտական Արաբիոյ նման երկիրներու աջակցութիւնը։ Իր կարգին, Իպրահիմ Էլ-Ասսաֆն ալ նշեց, որ ամբողջութեամբ կը պաշտպանեն Յունական Կիպրոսի ինքնիշխանութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ առկայ խնդիրները կը լուծուին խաղաղ ճանապարհով։
Սավվաս Անկելիտիսն ալ յայտարարեց, որ Միջերկրականի արեւելքին Եգիպտոսի հետ կը նախատեսեն ռազմական համագործակցութիւն։