ՆՈՊԷԼԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Սերպիայի եւ Քոսովայի կառավարութիւնները առաջադրուած են Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի։ Այսպէս, Շուէտի պատգամաւոր Մակնուս Եագոպսոն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Սերպիայի եւ Քոսովայի կառավարութիւնները առաջադրած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի՝ սեպտեմբերի 4-ին ստորագրուած տնտեսական յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրի համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին քաղաքական գործիչը գրած է «Թուիթըր»ի իր էջին մէջ։

«Ես ԱՄՆ-ի, Քոսովայի եւ Սերպիայի կառավարութիւնները առաջադրած եմ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի՝ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագրի շրջանակներէն ներս խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ անոնց համատեղ աշխատանքի համար», գրած է Եագոպսոն։

Ըստ «Kosovo Online» հարթակի՝ շուէտ պատգամաւորը իր ուղերձին մէջ յիշեցուցած է Պալքաններէ ներս տիրող արիւնալի 90-ականները եւ գոհունակութիւն  յայտնած է այն փաստի կապակցութեամբ, որ տարածքաշրջանը ներկայիս աշխուժօրէն կը զարգանայ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2020