ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ կառավարութիւնը խտացեալ աշխատանք կը տանի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակման ուղղութեամբ։ «Մեր անվտանգութեան երաշխաւորը կա՛մ մենք ենք եւ կամ չկայ երաշխաւոր», ըսաւ ան։

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց երկրի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի զանազան ծալքերուն անդրադարձաւ։ «Ատրպէյճան իսկապէ՞ս մըտահոգ է Հայաստանի Սահմանադրութեամբ, թէ ոչ կ՚ուզէ, որ այդպիսի հարց մը ըլլայ», յայտնեց վարչապետը։ Այս կապակցութեամբ ան կրկնեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջ չկայ։

Փաշինեան մանրամասն հիմնաւորումներով կրկնեց, որ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բովանդակութիւնը 80 տոկոսով ամբողջութեամբ համաձայնեցուած է, պէտք է փաստաթուղթը այդ ձեւով ստորագրուի, իսկ մնացեալ տարակարծութիւնները կրնան հարթուիլ ապագային. բան մը, որ Պաքուի կողմէ կը մերժուի։ «Փաստ է, որ աշխարհի վրայ չկայ պայմանագիր մը, որ բոլոր հարցերուն լուծում ապահովէ։ Միշտ ալ երկիրները կը շարունակեն իրենց յարաբերութիւններու զարգացումը եւ անոր շուրջ քննարկումները։ Եթէ կանխավարկածը այն պէտք է ըլլայ, թէ բոլոր կարեւոր հարցերը պէտք է լուծուին եւ փաստաթուղթը աւելի վերջ ստորագրուի, ապա սա կը նշանակէ, որ երբեք չենք ստորագրեր», աւելցուց ան։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ 2020 թուականի նոյեմբերի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ չէ գրուած, թէ Ռուսաստանի սահմանապահները տեղւոյն վրայ պէտք է ներկայ ըլլան։ «Յստակ գրուած է, որ Հայաստան կ՚երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրութեան հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը, կը կազմակերպէ քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2024