ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆ
Թրքախօս պետութիւնները հետզհետէ կը հասունցնեն հասարակաց այբուբեն մը իւրացնելու աշխատանքը։ Վերջին երեք օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Միջազգային թրքական ակադեմիայի եւ Թրքական լեզուի հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած պատկան յանձնաժողովի երրորդ նիստը։ Թրքական ընդհանուր այբուբեն մը մշակելու ուղղեալ հետեւողական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին այս հարթութեան վրայ։
Յանձնաժողովի վերջին նիստին ընթացքին քննարկուեցան լատինատառ այբուբենի վրայ հիմնաւորուած՝ ընդհանուր թրքական այբուբենի մը ձեւաւորման նախագիծը։ Համապատասխան առաջարկը օրակարգի վրայ է 1991 թուականէն ի վեր։
Քննարկումներու արդիւնքով ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացած է՝ 34 տառէ բաղկացեալ ընդհանուր թրքական այբուբենի մը ձեւաւորման շուրջ։ Յանձնաժողովի մասնագէտները առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն, որպէսզի ապահովեն այբուբենի իւրաքանչիւր տառի՝ թրքական լեզուներու զանազան հնչիւններու արտացոլումը։