ՍԵՐՏՕՐԷՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սերտար Քըլըչ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինի հետ։ Մոսկուայի աղբիւրները հաղորդեցին, որ անոնք անդրադարձած են Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հասնելու ուղիներուն։ Անգարայի աղբիւրները առ հասարակ որեւէ հրապարակում չեն ըրած այս զրոյցին շուրջ։ Քըլըչ եւ Կալուզին շահագրգռութիւն յայտնած են՝ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի մօտեցումները սերտօրէն համակարգելու ուղղութեամբ՝ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս մատնանշուած է՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակը։

Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտած են այս հաղորդումները, որոնց առընթեր կը շեշտուի, որ ռուսական կողմի հրապարակումներուն մէջ չէ յստակեցուած երկու պաշտօնեաներու զրոյցի ձեւաչափը։

«3+3»ի տրամաբանութեան մէջ Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կը նախատեսեն Հարաւային Կովկասի երկիրներուն՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ձեւաւորել առանցք մը, ըստ էութեան, արտատարածաշրջանային դերակատարները վանելու համար։ Անգարա եւ Մոսկուա ընդհանուր առմամբ համախոհ կ՚ընթանան այս ճանապարհին, սակայն, վերջին շրջանին Թեհրան հետզհետէ կը բարձրաձայնէ որոշ վերապահութիւններ։ Խօսքը առաջին հերթին կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»ին, որուն հետամուտ են Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։ Այդ միջանցքով կապ պիտի հաստատուի Ատրպէյճանի բուն տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Իրան կ՚ընդդիմանայ այս որոնումներուն՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանէն կտրուելով կրնայ զրկուիլ դէպի աշխարհ բացուելու կարեւոր հնարաւորութենէն։ Ռուսաստան վերջին շրջանին այս հարցին շուրջ բացայայտօրէն Ատրպէյճանի կողքին դիրք կը գրաւէ, ինչ որ Իրանի բուռն բողոքին պատճառ դարձած է։ Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ ստեղծուած իրավիճակին մէջ դիւանագիտական երթեւեկն ալ խտացած է աննախընթացօրէն։

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ալի Էքպէր Ահմատիան երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Շոյկու այս առթիւ յայտնեց, որ Մոսկուա հաւատարիմ է «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ նախապէս Թեհրանի հետ հասած պայմանաւորուածութիւններուն։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, ՊՐԻՔՍ-ի շրջանակէն ներս։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտնեց, թէ որքան ատեն, որ տարածաշրջանէն ներս ամէն ինչ ամբողջութեամբ չէ կարգաւորուած՝ Հայաստանի անվտանգութեան տեսակէտէ անտեղի է իր երկրի սահմանապահներու դուրս բերուիլը Իրանի եւ Թուրքիոյ սահմաններէն։ Իր խօսքով՝ հարեւաններու հետ անկայուն յարաբերութիւններու պայմաններուն ներքեւ կ՚արժէ մտածել անվտանգութեան մասին։ Մարիա Զախարովա նշեց նաեւ, որ Մոսկուա խեղաթիւրման բազմաթիւ փորձեր կը տեսնէ 2020 թուականի նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան պարագային։ Պաքու եւ Մոսկուա այդ յայտարարութեան 9-րդ կէտի իւրովի մեկնաբանութեամբ հետամուտ են «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալու։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս յայտնած էր, որ այդ կէտին բովանդակութիւնը չի հիմնաւորեր միջանցքի պահանջը։ «Կարելի չէ գրուածէն հրաժարիլ՝ յօգուտ տուեալ պահու իրադրութեան», պնդեց Զախարովա։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2024