ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած արիւնալի ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ցաւակցական մը հասաւ Անգարա։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռագիր մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին՝ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ, որ քանի մը տասնեակ անմեղ զոհերու եւ աւելի քան հարիւր վիրաւորներու պատճառ դարձած է։ Սերժ Սարգսեան խստօրէն դատապարտած է ահաբեկչութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով։
«Ընդունեցէք խնդրեմ իմ ցաւակցութիւնը տեղի ունեցածին կապակցութեամբ։ Զոհուածներու հարազատներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորեալներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում», նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ցաւակցական հեռագրին մէջ։