ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։ Երէկ, Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Արցախի մէջ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Սանասար Գրիգորեան (1989)։ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի արեւելեան ուղղութեան վրայ պատահեցաւ այս դէպքը, որուն կապակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի պատկան մարմինները ձեռնարկած են հետաքննութեան։
Մինչ այդ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ կը պատրաստուին այս ամսավերջին այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ News.am կայքէջին հետ զրուցելու ընթացքին ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտնեց, թէ միջնորդները այս անգամ կը ծրագրեն այցելել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ։ Մինչեւ ամսավերջ նախատեսուած ուղեւորութեան հիմնական նպատակն է՝ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ սկսածը աւարտին հասցնել եւ շարունակել կարգաւորման բաղադրիչներու քննարկումը։ Ուորլիք ընդգծեց, թէ իրենք յոյս ունին, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային հանդիպում մը պիտի ունենան, թէեւ տակաւին ճշդուած թուական մը կամ վայր մը չկայ։
Միւս կողմէ, իր յայտարարութիւններուն մէջ Ճէյմս Ուորլիք մեկնաբանեց նաեւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Քերի նշած էր, թէ առայժմ լուծման ուղի մը չի տեսներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար։ Այս կապակցութեամբ Ճէյմս Ուորլիք յայտնեց, որ չի բաժներ Ճոն Քերիի յոռետեսութիւնը։ Ճէյմս Ուորլիք նրբանկատօրէն նշեց, որ ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա լիովին համաձայն են, թէ ժամանակն է բանակցային ճանապարհով լուծել հակամարտութիւնը։ «Որպէս միջնորդ՝ մենք պիտի շարունակենք կողմերու հետ աշխատանքը յառաջ տանելու ճանապարհին», ըսաւ Ուորլիք։
Բաց աստի, ամերիկացի դիւանագէտը ընդգծեց, որ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են ընդլայնել ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը, Անճէյ Կասպրչիկի ղեկավարութեամբ։ Հետեւաբար, միջնորդները այդ որոշման իրականացումը պիտի քննարկեն՝ երբ այցելեն տարածքաշրջան։
Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստիան Վիկենին յայտարարեց, որ պատրաստ է այցելել Լեռնային Ղարաբաղ։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար պէտք է աշխուժացուին միջխորհրդարանական կապերը։