ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պի կա­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ծայր աս­տի­ճան ծանր վի­ճա­կի մը մէջ։ Ինչ­պէս հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի սու­րիա­հա­յու­թեան առ­կայ մեծ ող­բեր­գու­թեան։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի հա­յե­րը մա­հու կե­նաց պայ­քա­րի մը մէջ կը գտնուին եւ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կը բարձ­րա­ձայ­նուի զա­նոնք Հա­յաս­տան փո­խադ­րե­լու հրա­տապ խնդի­րը։

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Ռու­բէն Սաֆ­րաս­տեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լով յայտ­նեց, որ Հա­լէպ քա­ղա­քը պա­տանդ դար­ձած է ապս­տամբ­նե­րու ձեռ­քին մէջ։ Ըստ ի­րեն, առ­կայ ի­րադ­րու­թեան մէջ կա­րե­ւո­րը հայ­րե­նա­կից­նե­րու կեանքն է։ Շատ հասկնա­լի է, որ վտանգ կը սպառ­նայ քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րու կեան­քին։ ՄԱԿ-ի գնա­հա­տա­կան­նե­րով, յա­ռա­ջի­կայ եր­կու ամ­սուան ըն­թաց­քին Սու­րիոյ մէջ ի­րա­վի­ճա­կը շատ ա­ւե­լի պի­տի վատ­թա­րա­նայ։ Չի բա­ցա­ռուիր, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին Հա­լէ­պի մէջ տե­ղի ու­նե­նան լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­ներ։ Հա­շո­ւի առ­նե­լով Ռու­սաս­տա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վատ­թա­րա­ցու­մը՝ Ռու­բէն Սաֆ­րաստեան նշեց, որ շատ վտան­գա­ւոր գոր­ծըն­թաց մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ։ Ե­թէ Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կուա­յի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կեն վատ­թա­րա­նալ, ա­պա հա­ւա­նա­կան է, որ Սու­րիոյ մէջ ռու­սա­կան եւ ա­մե­րի­կեան զօր­քե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­նան պա­տա­հա­կան բա­խում­ներ։ Սա կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րու։ «Աշ­խարհ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն չէ տե­սած այն, ինչ որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Սու­րիոյ եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ», ը­սաւ Ռու­բէն Սաֆ­րաս­տեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը մար­դոց կեան­քը փրկելն է։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սաֆ­րաս­տեան շեշ­տեց, որ վի­ճա­կի վատ­թա­րաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն զու­գա­հեռ Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ ա­ռաջ­նա­հերթ է Հա­լէ­պէն հա­յոց դուրս բե­րուի­լը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին վեր­ջին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կե­ցին Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ցոյց տա­լու խնդի­րը։ «Սա կը նշա­նա­կէ, որ Թուր­քիա չի միա­նար Ա­րեւ­մուտ­քին, որ կը քննա­դա­տէ Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Սու­րիոյ մէջ», ը­սաւ Սաֆ­րաս­տեան։

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեանն ալ յայտ­նեց, որ իր նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մշտա­կան շփման մէջ է Սու­րիոյ հայ հա­մայն­քի կա­ռոյց­նե­րուն հետ։ Դար­ձեալ ե­րէկ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խա­գա­հեց Սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ար­տա­հերթ նիս­տին։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­պաս­տան գտած սու­րիա­հա­յոց խնդիր­նե­րու լուծ­ման հե­տա­մուտ կա­ռոյց մըն է այս մէ­կը, ո­րու կազ­մին մէջ ընդգր­կուած են պատ­կան պե­տա­կան մար­մին­նե­րը։ Ե­րէ­կուան ար­տա­հերթ ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հա­շուի առնուե­ցաւ այն հան­գա­ման­քը, որ Սու­րիոյ մէջ տագ­նա­պը կը խո­րա­նայ եւ այդ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ի՞նչ կա­րե­լի է ը­նել ա­ջակ­ցե­լու հա­մար այն հա­յե­րուն, ո­րոնք կը փա­փա­քին Հա­լէ­պէն Հա­յաս­տան մեկ­նիլ։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ ար­դէն Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յե­րու խնդիր­նե­րը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեանն ալ յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ տուած էր՝ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կարգ­ման հա­մար։ Ե­րէ­կուան ար­տա­հերթ նիս­տին ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յայտ­նեց, որ վեր­ջին տասն օ­րե­րուն ըն­թաց­քին Սու­րիա­յէն միայն չորս ըն­տա­նիք հաս­տա­տուած է Հա­յաս­տան։ Ան չա­փա­զանցուած հա­մա­րեց զա­նա­զան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րը, ըստ ո­րոնց Հա­լէ­պի հա­յու­թիւ­նը խու­ճա­պի մէջ է ու մեծ զան­գուած մը փա­փաք ու­նի Հա­յաս­տան մեկ­նե­լու։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան շեշ­տեց, որ ի­րենց տե­սա­կէ­տէ ա­ռաջ­նա­հերթ մնալ կը շա­րու­նա­կէ՝ Հա­յաս­տան նոր հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յոց հա­մար բնա­կա­րան, սնունդ եւ աշ­խա­տանք ա­պա­հո­վե­լը։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցաւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Վազ­գէն Եա­գու­պեան, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ Հա­յաս­տա­նի գծով ծրագ­րե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն է։ Ըստ ի­րեն, Սու­րիոյ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն լոյ­սին տակ ՀԲԸՄ ար­տա­հերթ ֆոնտ մը ստեղ­ծած է օգ­նե­լու հա­մար սու­րիա­հա­յե­րուն։ Եա­գու­պեան ա­ւել­ցուց, որ հա­կա­ռակ առ­կայ ծանր վի­ճա­կին՝ Հա­լէ­պի մէջ խու­ճապ չկայ։

Իր կար­գին, «Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան տնօ­րէն Լե­նա Հա­լա­ճեանն ալ ընդգ­ծեց, որ սու­րիա­հա­յոց Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խու­թեան խնդի­րը պէտք է զերծ պա­հուի քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մէ։

Հա­յաս­տա­նեան լրաս­փիւռ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած էին, որ հա­լէ­պա­հա­յե­րը կա­րիք ու­նին դե­ղօ­րայ­քի եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու։ Հա­լէ­պի ի­րա­վի­ճա­կի թէ­ժաց­ման հե­տե­ւան­քով դէ­պի Լի­բա­նան հա­յոց հոս­քը կ՚աշ­խու­ժա­նայ։ Վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին դէ­պի Լի­բա­նան սու­րիա­հա­յոց հոս­քը քիչ մը նուա­զած է, ո­րով­հե­տեւ այդ եր­կի­րը օ­րէնսդ­րա­կան փո­փո­խու­թեան ձեռ­նար­կե­լով՝ դժուա­րա­ցու­ցած էր Սու­րիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մուտ­քի ըն­թա­ցա­կար­գը։

ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­Ն

Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի հիմ­նադ­րած IDeA հիմ­նադ­րա­մը յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս ե­կած է՝ հա­լէ­պա­հա­յե­րու տար­հան­ման եւ քա­ղա­քէն ել­լել փա­փա­քող­նե­րու Հա­յաս­տան տե­ղա­ւոր­ման հար­ցով: Ստո­րեւ ամ­բող­ջու­թեամբ կը հրա­տա­րա­կենք նա­խա­ձեռ­նու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:

Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ (IDeA) հիմ­նադ­րա­մը յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծած է սու­րիա­հա­յե­րուն դրու­թեան շուրջ։

«Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ (IDeA) հիմ­նադ­րա­մ­»ը, հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կեան­քի բա­րե­նո­րոգ­մա­ն եւ քա­ջա­տե­ղեակ ըլ­լա­լով մեր շուրջ ե­ղող զար­գա­ցում­նե­րէն, կու գանք յայտ­նել մեր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը կապուած այ­սօր ա­ղէ­տա­լի պայ­ման­նե­րու տակ յայտնուած սու­րիա­հա­յու­թեան: Հե­տե­ւա­բար ու հե­տե­ւե­լով Սու­րիոյ եւ, մաս­նա­ւո­րա­բար, Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ շա­րու­նա­կուող բռնու­թիւն­նե­րուն՝ պար­տա­ւո­րու­թիւն կը զգանք նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րել սու­րիա­հայ փախս­տա­կան­նե­րը Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խե­լու ա­ռաջ­նա­հերթ եւ ան­յե­տաձ­գե­լի գոր­ծին: Այս նպա­տա­կով մենք պատ­րաստ ենք միա­ւո­րե­լու մեր ջան­քե­րը աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րուն մէջ գոր­ծող այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու հետ: Այ­սօր է գոր­ծե­լու պա­հը։ Խո­րա­գոյն ցաւ կը զգանք եւ մտա­հոգ ենք հա­կա­մար­տու­թեան բո­վին մէջ ին­կած­նե­րուն հա­մար: Նոյ­նիսկ ա­նոնք, ո­րոնք պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հոն մնա­ցած էին, սկսած են ա­պա­հով ա­պաս­տան փնտռե­լու: Մեր պար­տա­ւո­րու­թիւնն է օգ­նել ա­նոնց ու հաս­նիլ բո­լոր մի­ջոց­նե­րով: Այս ա­ռաջ­նա­հերթ գոր­ծին մե­զի միա­ցած են մի քա­նի մաս­նա­ւոր հիմ­նադ­րամ­ներ եւ մենք կ­­՚աշ­խա­տինք Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ՝ վստահ ըլ­լա­լու, որ Հա­յաս­տան ե­կող­նե­րը պե­տա­կան անհ­րա­ժեշտ հիմ­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ստա­նա­լով պի­տի կա­րո­ղա­նան օ­րի­նա­կան ա­պաս­տան գտնել հայ­րե­նի­քի մէջ։ Ե­ղեռ­նին յա­ջոր­դած տա­րի­նե­րուն հա­լէ­պա­հա­յերն էին, որ ա­ռա­ջի­նը ըլ­լա­լով՝ փրկու­թեան ձեռք մեկ­նե­ցին տա­րա­գիր հա­յու­թեան։ Այ­սօր ա­նոնք փրկու­թեան կա­րիքն ու­նին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016